Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պաքուին Կոչ Ուղղած Է Օգտուելու ՔՈՓ29-էն` Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելու Համար

August 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է «օգտուելու նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք կենսոլորտի փոփոխութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ՔՈՓ29 խորհրդաժողովէն` Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու համար», այս մասին կը յայտնէ պրիւքսելեան «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ը:

«Դէպի կայուն եւ տեւական խաղաղութիւն վճռական քայլեր ձեռնարկելու ժամանակն է: Ազրպէյճանը պէտք է ՔՈՓ29-ը օգտագործէ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն ստորագրելու համար», Եւրոպական յանձնաժողովի ներկայացուցիչի խօսքերը կը մէջբերէ հրատարակութիւնը:

ՄԱԿ-ի Համաշխարհային պայմանագիրի նախկին փոխնախագահ եւ «Եունիլեւըր»-ի գործադիր տնօրէն Փոլ Փոլման «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան ճնշումը կրնայ յանգեցնել Ազրպէյճանի մէջ դրական փոփոխութիւններու, մասնաւորաբար` աւելի քան 280 քաղաքական բանտարկեալի, ինչպէս նաեւ Անար Մամետլիի նման լրագրողներու եւ գործիչներու առնչուած:

«Քաղաքական ներկայութիւնը առանցքային խնդիր է, որովհետեւ Հայաստանը չի կրնար խաղաղութեան բանակցութիւններ վարել` զէնքը գլխուն դրուած: Եթէ մարդիկ, որոնք (Հայաստանը) կը ներկայացնեն բանտն են, անոնք չեն կրնար ատոր (խաղաղութեան բանակցութիւններու) մաս ըլլալ», ըսած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը պարբերականին ըսած է, թէ մօտիկ ապագային խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման համար «տակաւին լուրջ խոչընդոտներ կան», եւ «Եւրոպական Միութեան` ազնիւ միջնորդի դիրքը խարխլուած է»:

Կը նշուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ժամանակին չէ պատասխանած «Ի.Եու.օպզըրվըր»-ի հարցումներուն:

Հայաստան դեկտեմբեր 2023-ին աջակցութիւն յայտնեց ՔՈՓ29 խորհրդաժողովը հիւրընկալելու Ազրպէյճանի դիմումին: «Տը Կարտիըն» նախատեսած էր գործիչներու ՄԱԿ-ի կենսոլորտի փոփոխութեան խորհրդաժողովը Ազրպէյճանի մէջ գումարելու նկատմամբ դժգոհութիւնը:

18 դեկտեմբեր 2023-ին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն եւ ֆրանսացի շարք մը քաղաքական գործիչներ դէմ արտայայտուած էին ՔՈՓ29-ին Պաքուի մէջ գումարման:

4 յունիս 2024-ին գերմանացի իրաւապաշտպանները Պաքուի մէջ ՔՈՓ29-ին ընդառաջ պահանջած էին ազատ արձակել հայ բանտարկեալները:

 

Նախորդը

Լուքաշենքօ. «Հայերը Մեզմէ Բացի Որո՞ւ Պէտք Են. Ի՞նչ Ֆրանսա, Ի՞նչ Մաքրոն, Վաղը Մաքրոնը Պիտի Չըլլայ, Եւ Բոլորը Պիտի Մոռնան Հայաստանի Մասին»

Յաջորդը

«Մոսկուան Յոյսով Է, Որ Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպական Միութեան Պատճառով ԵԱՏՄ-էն Պիտի Չհրաժարի» Կ՛ըսէ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնատարը

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.