Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 21, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երկուշաբթի գիշեր Պեքաայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վիրաւորուած անձերուն թիւը վերջնական տուեալներով բարձրացած է 11-ի:

Նախարարութիւնը նշեց, որ անոնք բոլորն ալ դարմանուած են:

– ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Լիբանան այցելելէ իր զգուշացումը 3-րդ մակարդակէն 4-րդի բարձրացուցած է:

Դեսպանատունը Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու Լիբանան այցելելու իրենց ծրագիրները:

«Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները կը յորդորենք ճամբորդի արձանագրման խելացի ծրագիրի (ՍԹԵՓ) զգուշացումները ստանալու համար արձանագրուելու», աւելցուց դեսպանատունը:

– ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար, կառավարական արտակարգ դրութեան բջիջի նախագահ Նասեր Եասին «Տիար» օրաթերթին յայտնեց. «Լիբանանի մէջ եւրոպական պետութիւններու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները կը մասնակցին պետական միութիւններու եւ հաստատութիւններու հարաւային սահմանամերձ գիւղերու մէջ տեղահանուածներուն օժանդակելու եւ աջակցելու ծրագիրներու քննարկման ժողովներուն, սակայն այդ պետութիւնները չեն մասնակցիր անոնց գործադրման ֆինանսաւորման»:

«Իրենց տուներն ու ապրուստի միջոցները լքած աւելի քան հարիւր հազար մարդոց վերաբերող մարդասիրական մեծ տագնապին վերաբերեալ այդ պետութիւններուն որոշումները քաղաքական ենթահող ունին», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:

Ան նաեւ նշեց. «Կառավարութեան մօտ վերակառուցման վերաբերեալ յստակ ծրագիրներ չկան: Յարձակումի աւարտին կը սպասենք կարիքները ճշդելու եւ վնասները գնահատելու համար»:

– ՄԱՐԴՈՒ իրաւունքներու պաղեստինեան հաստատութիւնը յայտնեց. «Այն, ինչ որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ն կը կատարէ` գաղթակայաններէն դուրս ապաստանարանները պատրաստելով, ցուցանիշ է, թէ գաղթակայաններուն բոլոր բնակիչները պէտք է անոնցմէ հեռանան, եթէ որեւէ յարձակումի ենթարկուին»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ ըսաւ. «Ծանրութեան կշիռը քիչ առ քիչ հարաւէն դէպի Լիբանանի հետ հիւսիսային սահման կ՛ուղղուի»:

«Լիբանանի խորքին վրայ մեր գործած յարձակումները որեւէ հաւանական զարգացումի պատրաստութիւն է», աւելցուց ան:

 

 

Նախորդը

Համաս. «Այն, Ինչ Որ Վերջերս Մեզի Ներկայացուած Է, Յեղաշրջում Է Կողմերուն 2 Յուլսին Գոյացուցածին, Որ Ինքնին Հիմնուած Է Պայտընի Յայտարարութեան Վրայ»

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Եւ Պաղեստինի Դեսպաններու Հանդիպում

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան  Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են
Լիբանանեան

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Սուրիական Կառավարութիւնն Ու Հըզպալլան Թուրքիոյ Մէջ Գաղտնի Բանակցութիւններ Վարած Են

October 2, 2026
Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու  Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան
Լիբանանեան

Խորհրդարանի Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբը Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օմրան Ռիզան

October 2, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.