Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Դատապարտենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Ոտնահարումը, Հարաւային Արուարձաններու Թիրախաւորումն Ու Ահաբեկումներու Քաղաքականութիւնը» Ըսաւ Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

August 17, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի երէկ հասաւ Լիբանան եւ Այն Թինէի մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Ապտելաթի Այն Թինէէն յայտարարեց. «Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին յայտնեցի Եգիպտոսի Լիբանանին աջակցութիւնը, որովհետեւ երկրին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը եգիպտական ու արաբական շահ կը ներկայացնեն»:

«Կ՛ուզենք Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադարի հասնիլ, որովհետեւ շրջանին մէջ տագնապի արմատը պաղեստինեան դատի առանց լուծումի շարունակել մնալն է, ինչպէս նաեւ կը դատապարտենք ահաբեկումներու քաղաքականութիւնը եւ կ՛ընդգծենք Լիբանանի հողային ամբողջականութեան ու անվտանգութեան մեր զօրակցութիւնը», յայտնեց եգիպտական դիւանագիտութեան պետը:

«Կ՛ընդգծենք մագլցումը դադրեցնելու եւ շրջանը համապարփակ պատերազմի մէջ չներքաշուելու կարեւորութիւնը», ըսաւ ան:

Պըրրի իր կարգին մատնանշեց, որ Լիբանանի եւ Եգիպտոսի միջեւ տեսակէտները կը համընկնին, թէ շրջանին մէջ տագնապի իսկական արմատը պաղեստինեան դատն է եւ պաղեստինցի ժողովուրդին իր օրինական իրաւունքները չտալը:

Պըրրի բարձր գնահատեց Եգիպտոսի եւ անոր նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի Կազայի վրայ իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու ջանքերը` գնահատելով եղբայրական Եգիպտոսի պատմական դերակատարութիւնն ու Լիբանանի հետ անոր բարեկամութեան, եղբայրութեան կապերն ու մասնաւորաբար դժուար ժամանակներուն ընթացքին Եգիպտոսի Լիբանանին մնայուն կերպով զօրակցիլը:

Ան ըսաւ, որ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ թափուող ջանքերուն յաջողութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան վերադարձի եւ լուծումներու հիմնական բանալին է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Միքաթի հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան կը գնահատէ միջազգային ու արաբական ջանքերը, որոնք կը թափուին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներու դադրեցման համար»:

«Լիբանան կը վերահաստատէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը ամբողջութեամբ գործադրելու յանձնառութիւնը, եւ պահանջուածը Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելն է, որպէսզի գործադրէ որոշումը եւ դադրեցնէ Լիբանանի վրայ իր յարձակումը», ըսաւ վարչապետի պաշտօնակատարը:

Ապտելաթի իր կարգին Միքաթիին փոխանցեց Եգիպտոսի նախագահին ողջոյններն ու գնահատականը` նշելով, որ իր այցելութիւնը Լիբանանի նկատմամբ ուժեղ զօրակցութեան պատգամ է, եւ ջանքերը կը շարունակուին լարուածութիւնները վնասազերծելու նպատակով Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սեժուռնէ. «Այն, Ինչ Որ Կը Հետաքրքրէ, Լարուածութեան Սրութիւնը Մեղմացնելն Է, Եւ Այդ Է Պատգամը, Որ Լիբանանեան Իշխանութիւններուն Փոխանցեցի»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.