Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

August 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն երէկ հասաւ Պէյրութ, ուր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Երբ անցեալ յունիսին Լիբանան էի, ըսի, թէ կը հաւատամ, որ Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ տագնապը երկար ժամանակ շարունակուեցաւ, եւ դիւանագիտական լուծումը հրատապ է եւ հրամայական»:

«Ցաւալին այն է, որ ատիկա տակաւին ճիշդ է, եւ մենք կը հաւատանք, որ դիւանագիտական լուծումի գոյացումը կարելի է, որովհետեւ կը կարծենք, թէ ոչ ոք Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ համապարփակ պատերազմ կ՛ուզէ, եւ դիւանագիտական լուծումը հրատապ է, որովհետեւ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ թշնամական արարքները Լիբանան վերջին այցելութենէս ի վեր մագլցում արձանագրեցին», նշեց Հոքշթայն:

«Պըրրիի հետ խօսեցայ Լիբանանի մէջ կացութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու կարիքին մասին: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն անխոնջ կերպով կ՛աշխատի (Կազայի մէջ) զինադադարի հաստատման ու գերիներու ազատ արձակման գործարքի հասնելու համար, եւ ան ինձմէ խնդրեց Կազայի մէջ բանակցութիւններէն առաջ վերադառնալ Լիբանան», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը:

«Կազայի վերաբերեալ գործարքը պիտի նպաստէ Լիբանանի մէջ դիւանագիտական լուծումի հասնելուն, արգելք պիտի հանդիսանայ մեծ պայթումին, լիբանանցի տեղահանուածներուն հարաւային Լիբանան վերադարձին եւ հիւսիսային Իսրայէլի բնակիչներուն տունդարձին համար պայմաններ պիտի ստեղծէ: Պէտք է օգտուիլ դիւանագիտական լուծումի պատուհանէն, ժամանակը հիմա է», ընդգծեց Հոքշթայն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի 1:05 ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի, Իրանի եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան մագլցողական քայլերուն նկատմամբ` նշելով. «Այս քաղաքականութիւնը Իսրայէլի զինուորական մագլցումը շարունակելու եւ պատերազմը դադրեցնելու որեւէ փորձ ձախողեցնելու վճռականութիւնը ցոյց կու տայ»:

Պըրրի վերահաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման` «ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին հիմամբ, որուն 2006-ի հրապարակումէն ի վեր Լիբանան անոր ամբողջական գործադրութիւնը կը պահանջէ»:

Ամերիկացի պատուիրակը Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լիզա Ճոնսընի ընկերակցութեամբ նաեւ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր կացութիւնն ու հարաւային սահմաններուն վրայ արձանագրուող զարգացումները:

Հոքշթայն նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Հանդիպումին ներկայ էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպը:

Վարչապետի պաշտօնակատարը հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնել, որպէսզի դադրեցնէ իր յարձակումներն ու սպառնալիքները, եւ լուծումին բանալին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատումն է եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն, մասնաւորաբար թիւ 1701 որոշումի գործադրումը, որ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ»:

Հոքշթայն ըսաւ, որ դիւանագիտական տարբեր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր մայրաքաղաքներուն մէջ աշխատանք կը տարուի յաջողցնելու դիւանագիտական լուծումը, որուն գոյացման կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի նախագահներն ու Քաթարի իշխանը, «եւ որ պիտի քննարկուի Տոհայի մէջ տեղի ունենալիք ժողովներուն ընթացքին, որոնք վաղը պիտի սկսին եւ քանի մը օր տեւեն»:

Ամերիկացի պատուիրակը յոյս յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադար կը գոյանայ, ինչ որ պիտի նպաստէ հարաւային Լիբանանի մէջ մագլցումի կշռոյթի դադրեցման, ինչպէս նաեւ նշեց. «Թիւ 1701 որոշումը հարաւային Լիբանանի մէջ կայունութեան երաշխիք է»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ Հոքշթայնի Լիբանան այցելութիւնը կ՛արտացոլացնէ ամերիկեան կողմին մէկ կողմէ Կազայի պատերազմը դադրեցնելու, իսկ միւս կողմէ` իսրայէլացիներուն եւ Հըզպալլայի միջեւ բախումները դադրեցնելու փափաքը:

Աղբիւրները նշեցին, որ Ուաշինկթընի համաձայն, ժամանակն է պատերազմը դադրեցնելու, ուստի նախ եւ առաջ Հոքշթայնը ուղարկեց Լիբանան` Կազայի շուրջ Քաթարի բանակցութիւնները յաջողցնելու ամերիկեան ջանքերուն զուգահեռ, Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին հանդարտեցման հարցը դասաւորելու:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Նաշրա»-ին յայտնեցին, որ այս ծիրին մէջ կան հետզհետէ աճող ամերիկեան ճնշումներ, որոնք նախկիններէն տարբեր են, եւ կրնան մօտ օրէն պատերազմի դադրեցման յանգեցնել:

Հոքշթայն խորհրդարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ժորժ Ատուանէն, Ֆուատ Մախզումիէն, Էլիաս Հանքաշէն, եւ Միշել Տուէյհիէն բաղկացած ընդդիմադիր երեսփոխաններու պատուիրակութեան մը հետ:

Ըստ «Նաշրա»-ի Պէյրութի մէջ Հոքշթայնի հանդիպումները դրական էին, եւ այսօր Քաթարի մէջ նախատեսուած բանակցութիւններուն նկատմամբ լաւատեսութիւնը մեծ է:

Նախորդը

Հոքշթայնի Պէյրութ Ժամանումէն Անմիջապէս Առաջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերը Ազատագրելու Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իրաւունքին» Յայտարարեց Միքաթի

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.