Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոքշթայնի Պէյրութ Ժամանումէն Անմիջապէս Առաջ. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Իր Հողերը Ազատագրելու Եւ Գերիշխանութիւնը Պահպանելու Իրաւունքին» Յայտարարեց Միքաթի

August 15, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան գումարեց նիստ մը, որուն սկիզբը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին յայտարարեց. «Պատերազմական գործողութիւններու մագլցումին, լարուածութեան աճին եւ իսրայէլեան թշնամիին ջարդեր գործել շարունակելուն լոյսին տակ, իբրեւ կառավարութիւն կ՛ընդգծենք մեր կառչացութիւնը իր հողերը ազատագրելու եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու Լիբանանի իրաւունքին: Բուռն կերպով կը դատապարտենք Թապիին դպրոցի ջարդը, որ Իսրայէլ գործեց անմեղներու դէմ, եւ որուն ընթացքին արձանագրուեցաւ աւելի քան հարիւր նահատակ: Համաշխարհային խիղճին կոչ կ՛ուղղենք շարժելու` դադրեցնելու համար կազմակերպուած ոճրային ցեղասպանութիւնը»:

«Լիբանանի եւ Կազայի վրայ պատերազմէն աւելի քան տասը ամիս ետք տակաւին սուղ գին կը վճարենք մեր երիտասարդներու եւ հարազատներու կեանքերով, գիւղերով եւ տնտեսութեամբ: Պատերազմի դադրեցման վրայ կը պնդենք եւ կը հաստատենք Լիբանանի յստակ դիրքորոշումը բառացի կերպով յարգելու թիւ 1701 որոշումի կէտերը, ինչպէս նաեւ շեշտը կը դնենք բոլորին կողմէ անոր բոլոր կէտերուն գործադրումին վրայ, որովհետեւ անիկա որեւէ լուծումի բանալին է», նշեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Միքաթի շեշտեց, որ կը գտնուինք պատերազմը արգիլելու եւ իսրայէլեան յարձակումը դադրեցնելու դիւանագիտական առիթի առջեւ:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը պիտի չդադրի ձայն բարձրացնելէ եւ բուռն կերպով դատապարտելէ յարձակումները, «եւ աշխատանք կը տանինք իրաւունքի իրագործման համար»` աւելցնելով, որ իրենք ջանք պիտի չխնայեն իրենց ամբողջ կարողականութիւնն ու բոլոր բարեկամական կապերը օգտագործելու` «պաշտպանելու մեր երկիրը եւ դատապարտելու Իսրայէլի ոճրային արարքները, բարձրացնելու մեր ձայները համաշխարհային խիղճը շարժելու, «որովհետեւ իսրայէլեան յամառութիւնը կը վտանգէ պատերազմը դադրեցնելու ջանքերը եւ նախաձեռնութիւններուն ու բարիքի միջնորդներուն արժէք չի տար»:

Միքաթի վերահաստատեց շուտափոյթ կերպով հանրապետութեան նախագահ ընտրելու իր կոչը եւ զօրակցութիւն յայտնեց երկխօսութիւն կատարելու, ապա նախագահ ընտրելու հրաւէրին:

«Այս դժուար պայմաններուն մէջ կարիքը ունինք լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ոչ թէ յաւելաբանութիւններու ու ամուլ բանավէճերու, որոնք լսեցինք եւ ոմանց կողմէ կը լսենք: Այն, ինչ որ իբրեւ կառավարութիւն կը կատարենք, պետութեան կառոյցին ամբողջական քայքայումը արգիլելն է եւ պետական հաստատութիւններու արտադրողականութեան պահպանումը, սակայն այս թղթածրարին մէջ զրպարտութիւնները դատապարտելի եւ մերժելի են», ըսաւ ան:

«Այս դժուար պայմաններուն մէջ յաւելեալ լարուածութենէ խուսափելու համար որոշեցի օրակարգէն ժամանակաւորապէս դուրս բերել կարգ մը վարչութիւններու մէջ թափուր տեղերուն նշանակումները ամբողջացնելու կէտը, սակայն այս խնդիրը չի կրնար շարունակուիլ, որովհետեւ վարչութիւնները կարիքը ունին վերջ տալու թափուր տեղերուն, որոնք կը վտանգեն իրենց աշխատանքը», նշեց Միքաթի:

Վարչապետի պաշտօնակատարը յայտնեց, որ տնտեսական կայունութիւնը ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն է` զգուշացնելով «կացութիւնները գիներու հետ խաղալու համար օգտագործելու, դպրոցական ու համալսարանական կրթաթոշակները բարձրացնելու, ապահովագրութեան տուրքերու բարձրացման վտանգներէն` նշելով, որ անոնք յաւելումներ են, որոնք կ՛ուժաթափեն քաղաքացիները:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Այսօր Քաթարի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նախօրեակին. Հոքշթայն. «Դիւանագիտական Լուծում Գտնելը Հրատապ Հարց Է. Պէտք Է Օգտուիլ Դիւանագիտական Լուծումի Պատուհանէն, Ժամանակը Հիմա Է»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.