Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Պլինքըն Շրջան Կ՛ուղղուի. Ուաշինկթըն. «Յանձնառու Ենք Իսրայէլին Ինքզինք Պաշտպանելու Օգնելու, Եւ Շրջանին Մէջ Զինուորական Հզօր Կարողականութիւն Տեղակայեցինք»

August 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Քաթարը եւ Եգիպտոսը ներառող միջինարեւելեան շրջապտոյտի ձեռնարկեց, եւ ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայն այսօր Թել Աւիւէն կը հասնի Պէյրութ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Կը ջանանք դիւանագիտութեան ճամբով Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումը կանխարգիլել»: Սակայն նախարարութիւնը նաեւ շեշտեց. «Յանձնառու ենք Իսրայէլին ինքզինք պաշտպանելու օգնելու, եւ շրջանին մէջ ատիկա կատարելու համար զինուորական հզօր կարողականութիւն տեղակայեցինք»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց անցեալ շաբաթ Կազայի մէջ «շարք մը անձերու մահուան պատճառ դարձած ահաւոր դէպքերուն» նկատմամբ` նշելով. «Պիտի շարունակենք Եգիպտոսի եւ Քաթարի հետ աշխատիլ Համասին յայտնելու, որ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան պատասխանատուութիւնը իր վրայ է»:

«Կը շարունակենք Իսրայէլին յայտնել, որ պէտք է քաղաքային զոհերու թիւը կրճատել, եւ կը կարծենք, որ Կազայի շուրջ համաձայնութեան գոյացումը կարելի է, եւ պիտի շարունակենք ատոր իրագործման համար աշխատիլ», շեշտեց նախարարութիւնը:

«Հատաս», մէջբերելով Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնները, հաղորդեց. «Ուաշինկթըն Թուրքիոյ եւ այլ դաշնակիցներու կոչ կ՛ուղղէ` կացութեան հանդարտեցման համար Իրանի վրայ ճնշում բանեցնելու»:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի յայտնեց, որ Սպիտակ տունը կ՛ենթադրէ, որ Իրան այս շաբաթ կրնայ Իսրայէլի վրայ «մեծ» յարձակում գործել:

Քըրպիի համաձայն, անհրաժեշտ է նախապատրաստուիլ այն փաստին, որ «ատիկա կրնայ յարձակումներու զգալի շարք ըլլալ»:

«Մենք կը կիսենք մեր իսրայէլացի գործընկերներու նոյն մտահոգութիւններն ու ակնկալիքները հաւանական ժամկէտներու վերաբերեալ: Ատիկա արդէն կրնայ այս շաբաթ տեղի ունենալ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Վրայ Իրանի Եւ Հըզպալլայի Յարձակումը Հինգշաբթի Օրուան Բանակցութիւններէ՞ն Կախեալ Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.