Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կանց Իսրայէլի Մէջ Քաղաքացիական Պատերազմէ Կը Զգուշացնէ

August 14, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան Քնեսեթի անդամ, ընդդիմութեան ղեկավարներէն Պենի Կանց յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն «պիտի չըլլայ Մենահիմ Պեկինի պէս, որ իր ամէնէն դժուար պահուն քաղաքացիական պատերազմին ոչ ըսաւ», «իր կառավարութիւնը պիտի չզոհէ իսրայէլացիները պաշտպանելու համար» եւ պէտք եղածը պիտի չընէ քաղաքացիական պատերազմը կանխարգիլելու համար:

«Եթէ ուշքի չգանք, ապա քաղաքացիական պատերազմ պիտի ըլլայ: Ճշմարտութիւնը թաքցնելը արգիլուած է», աւելցուց Կանց:

«7 հոկտեմբերէն ի վեր կռուող զինուորներուն կողքին կայ ղեկավարութիւն մը, որ ժողովուրդը կը պառակտէ, կը թունաւորէ այն հորը, ուրկէ բոլորը կը խմեն», նշեց ան:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդեց, որ Կանց այս խօսքերը արտասանեց երկուշաբթի օր Տաճարի քանդման ոգեկոչման առիթով բնակեցուածներու հաւաքի մը ընթացքին:

Ան քննադատեց հրապարակային վայրի մէջ աղօթելու շուրջ «տագնապն ու քննարկումը, փոխան գտնելու լուծումներ, որոնք բոլորին կը յարգեն»:

Կանց քննադատեց «Քնեսեթէն անդամներու ռազմակայաններ ներխուժման գործողութիւններու ղեկավարումը», «գերիներու ընտանիքներու արժանապատուութեան ոտնակոխումը» եւ «պետական պաշտօնեաները դաւաճան որակելը»:

«Խօսքով եւ գործով բռնութեան նշագիծը անցանք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Հարցը սպանութեամբ պիտի աւարտի»:

«Ո՛չ 7 հոկտեմբերէն դաս սորվեցանք, ո՛չ ալ Տաճարի քանդումէն», ընդգծեց Կանց:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը նշեց, թէ Կանց յայտարարած է. «Պիտի գիտնանք որեւէ յարձակումի ինչպէ՛ս տոկալ, եւ Իրանի ու Հըզպալլայի վճարելիք գինը չափազանց սուղ պիտի ըլլայ»:

 

Նախորդը

Փութին. «Միջին Արեւելքի Զարգացումները Ռուսիոյ Ուշադրութենէն Դուրս Չեն»

Յաջորդը

Փենթակոն. «Օսթին Կալանթին Յայտնեց, Թէ Հրամայած Է Օդանաւակիր Մը Եւ Հեռակառավարուող Հրթիռներով Զինուած Սուզանաւ Մը Շտապ Կերպով Տեղափոխել Միջին Արեւելք»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.