Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնատար Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Իսրայէլը պաշտպանելու համար որեւէ քայլ որդեգրելու:
Հաղորդագրութեան համաձայն, Օսթին «շրջանային մագլցում արձանագրող լարուածութիւններու լոյսին տակ ամերիկեան ուժերու ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ դիրքաւորումն ու կարողութիւններու ամրապնդումը» նշած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ Օսթին, ընդգծելով այդ յանձնառութիւնը, հրամայած է արագացնել «ԷՖ-35» հալածիչներով զինուած ամերիկեան «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրի ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան պատասխանատուութեան շրջան տեղափոխումը, որպէսզի գայ աւելնալու «Թիոտոր Ռուզվելթ» օդանաւակիրի ապահոված կարողութեան վրայ:
Ան նաեւ հեռակառավարուող հրթիռներով զինուած «Ճորճիա» սուզանաւին հրամայած է նոյն շրջան ուղղուիլ:
Օսթին եւ Կալանթ քննարկած են Կազայի մէջ տիրող կացութիւնը, զինադադարի եւ գերիներու ազատ արձակման համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ Իրանը, Հըզպալլան ու Իրանի դաշնակից այլ խմբաւորումները զսպելու հասարակաց ջանքերը:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին յայտնեց. «Լապուն» խորտընկէցը Սուեզի ջրանցքին ճամբով ուղղուեցաւ արեւելեան Միջերկրական` շրջանին մէջ պաշտպանողական միջոցները ամրապնդելու համար»:


