Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանը Պատրաստ Է «Վերագործարկելու» Միացեալ Նահանգներու Հետ Յարաբերութիւները»

August 13, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանը պատրաստ է «վերագործարկելու» Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները` երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելու համար: Այս մասին «Էքս» ընկերային ցանցի վրայ յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ:

«Ես հետաքրքրական հանդիպում ունեցայ ամերիկացի ծերակուտական Ճին Շահինի եւ քոնկրեսական Մայք Թըրնըրի հետ: Քննարկեցինք Միացեալ Նահանգներու եւ Վրաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու զարգացումը. ես հաստատեցի Վրաստանի պատրաստակամութիւնը վերսկսելու եւ վերագործարկելու մեր յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը», գրած է Վրաստանի վարչապետը:

Անոր կարծիքով` ատիկա Վրաստանին պիտի արտօնէ «ամրապնդել երկկողմանի կապեր» եւ «շրջանին մէջ եւ անկէ դուրս խթանել աւելի մեծ զարգացում, բարգաւաճում, խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիին ուղղուած իր նամակին մէջ նշած էր, որ հիասթափուած է Վրաստանի կառավարութեան հակաժողովրդավարական քայլերէն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն իր կարգին 31 յուլիսին յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն կը դադրեցնէ Վրաստանին ֆինանսական օգնութեան ծրագիրը:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ անորոշ ժամանակով յետաձգած են Վրաստանի հետ միացեալ ռազմափորձերը եւ խոստացած վերատեսութեան ենթարկել համագործակցութեան բոլոր ծրագիրները:

Յարաբերութիւններու սրման պատճառը Վրաստանի խորհրդարանին կողմէ «Օտարերկրեայ ազդեցութեան թափանցիկութեան մասին» օրէնքի որդեգրումն էր: Այդ փաստաթուղթը կը նախատեսէ յատուկ ցուցակի վրայ արձանագրել ոչ առեւտրական իրաւաբանական անձերն ու լրատուամիջոցները, որոնց եկամուտի աւելի քան 20 առ հարիւրը կը ստացուի արտերկրէն: Օրէնքի որդեգրման ընթացակարգին զուգահեռ տեղի ունեցած էին զանգուածային բողոքի ցոյցեր, եւ նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի մերժած է ստորագրել զայն, սակայն խորհրդարանը յաղթահարած էր նախագահական վեթոն:

Նախորդը

Փարիզի 33-րդ Ողիմպիական Խաղեր. Փակման Հանդիսութիւնը, Յաջորդին` Լոս Անճելըս

Յաջորդը

«Հիումըն Ռայց Ուոչ» Թուրքիոյ Կոչ Ուղղած Է Անյապաղ Վերցնելու «Ինսթակրամ»-ի Արգելքը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.