Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Վաղը Հանդիպում Պիտի Ունենայ Փութինի Հետ

August 12, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս 12-14 օգոստոսին պիտի այցելէ Մոսկուա, իսկ 13 օգոստոսին պիտի հանդիպի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Ռուսիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպան Ապտելհաֆիզ Նոֆալը:

«Նախագահը կը հասնի 12 օգոստոսի երեկոյեան: Երեքշաբթի կը սպասուի հանդիպում նախագահ Փութինի հետ, իսկ մինչ այդ, Մահմուտ Ապպասը ծաղիկներ պիտի դնէ Ակնյայտ զինուորի շիրիմին: Ի հարկէ, հանդիպում պիտի ըլլայ արաբական երկիրներու դեսպաններու հետ», ընդգծած է ան:

Դիւանագէտին համաձայն, քննարկման հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը:

«Կազայի մէջ կացութիւնը: Անոնք պիտի խօսին Ռուսիոյ դերին մասին, թէ ի՛նչ կրնայ ընել: Մեր կացութիւնը շատ ծանր է, իսկ Ռուսիան մեզի հարազատ երկիր է: Մենք պէտք է խորհրդակցինք», ըսած է Նոֆալ:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը կը պատրաստուի 15 օգոստոսին խօսք արտասանելու համար հիւրընկալելու Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասը, որ պիտի խօսի Կազայի վրայ իսրայէլեան պատերազմին մասին:

«Ապպասի այցելութեան առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ երեսփոխանները հրաւիրեց արտակարգ նիստի, որ ինք անձամբ պիտի ղեկավարէ, եւ նիստի պաշտօնական ներկայութեան գլխուն պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան», հաղորդեց «Անատոլու»:

«Որոշուած է արտակարգ նիստին հրաւիրել քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, դեսպաններն ու օտար ներկայացուցչութիւններու ներկայացուցիչները եւ լրագրողները: Ինչպէս նաեւ պիտի հրաւիրուին իսրայէլեան յարձակումներէն վիրաւորուած պաղեստինցիները, որոնք Թուրքիոյ մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուին», աւելցուց «Անատոլու»:

 

 

 

Նախորդը

Թրամփ. «Եթէ Իշխանութիւնը Յառաջիկայ 4 Տարուան Համար Չստանձնեմ, Մեր Երկրին Կացութիւնը Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Քանի. «Իրան Իսրայէլեան Գոյացութեան Յարձակումին Համար Օրինական Եւ Վճռական Կերպով Գին Վճարել Պիտի Տայ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.