Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պու Հապիպ. «Լիբանան Կը Զօրակցի Ամերիկեան-Եգիպտական-Քաթարական Հաղորդակցութեան»

August 10, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ վարչապետարանին մէջ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Զինք տեղեակ պահեցի Եգիպտոս այցելութեանս արդիւնքէն, Եգիպտոսի Լիբանանին ու Լիբանանի մէջ պատերազմին վերջ տալու անհրաժեշտութեան անվերապահ աջակցութենէն»:

Ան նշեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմը «անշուշտ կապուած է Կազայի մէջ պատերազմին, սակայն մեզ հետաքրքրողը նախ եւ առաջ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւնն է»:

«Խօսեցանք նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան երկարաձգման թղթածրարին մասին: Ստացանք առաջին տարբերակը եւ անոր համաձայն գտնուեցանք թեթեւ բարեփոխումներ կատարելէ ետք, եւ կը յուսանք, որ երկարաձգումը այս ամիս տեղի ունենայ, եւ հասնինք ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մէկ տարիով երկարաձգման», ըսաւ լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Այսօր դեսպաններուն պիտի յղենք Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան ուղղուածութիւնը, եւ այսօր Կազայի մէջ եւ մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղի ունեցողին նկատմամբ պետութեան հիմնական կանոնները պարունակող նամակ մը», ըսաւ ան:

«Ինչպէս գիտէք, այսօր այս ամսուան 15-ին Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու համար ժողով գումարելու ամերիկեան-եգիպտական-քաթարական նախաձեռնութիւն մը կայ: Այս առումով եւ Միքաթիի հետ ժողովին հիմամբ կ՛ըսեմ` լիբանանեան կառավարութիւնը կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Քաթարի իշխան Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանիի միացեալ հաղորդագրութեան:

«Պէտք է Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդին անմիջական օգնութիւն տրամադրել, ինչպէս նաեւ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնք հսկայական տառապանք կրեցին», յայտնեց լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը:

Նշենք, որ Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու միացեալ հաղորդագրութիւնը Իսրայէլին եւ Համասին կոչ կ՛ուղղէ` 15 օգոստոսին մնացեալ բացերը կամրջելու համար բանակցութիւնները շարունակելու Տոհայի կամ Գահիրէի մէջ:

«Մենք` իբրեւ միջնորդներ, անհրաժեշտութեան  պարագային պատրաստ ենք գործադրութեան վերաբերող հարցերու լուծման համար վերջնական առաջարկ ներկայացնելու», նշեցին երեք ղեկավարները:

Անոնք նաեւ շեշտեցին, թէ ժամանակն է ազատ արձակելու գերիները, զինադադար հաստատելու եւ համաձայնութեան գործադրութեան սկսելու:

Առաջարկուած փաստաթուղթը հիմնուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ներկայացուած եւ թիւ 2735 բանաձեւով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի աջակցութիւնը վայելող սկզբունքներուն վրայ:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»

Յաջորդը

«Եգիպտոսի, Քաթարի Եւ Ամերիկայի Ղեկավարներուն Հաղորդագրութիւնը Կը Մարմնաւորէ Շրջանին Մէջ Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Լիբանանի Պատկերացումը» Կ՛ըսէ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.