Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էօնճիւ Քեչելի յայտնեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Լամիի եւ անոր հետ քննարկած Կազայի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումներն ու շրջանին մէջ հետզհետէ աճող լարուածութիւնը:
Քեչելի նշեց, որ Ֆիտան յայտնած է, թէ Կազայի մէջ զինադադարին ընդդիմացող կողմը Իսրայէլն է, եւ ուշադրութիւն հրաւիրած տագնապներու շրջանային մակարդակի վրայ տարածման վտանգին վրայ` նշելով, որ պէտք է դադրեցնել իսրայէլեան յարձակումը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիան մէկ օր առաջ դիմում ներկայացուցած էր միանալու Միջազգային արդարադատութեան դատարանին մօտ Հարաւային Ափրիկէի` Իսրայէլի դէմ ներկայացուցած դատական հայցին:


