Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայեր Լեւերքուզըն Կը Պատրաստուի «Չեմփիընզ Լիկ»-ին

August 9, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարեշրջանին Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզըն իր սպանացի մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ 51 յաջորդական մրցումներ առանց պարտութեան աւարտած էր մրցանիշ հաստատելով:

Այս տարեշրջանին մարզիչ Ալոնսօ յաւելեալ ճնշումի տակ կրնայ դրուիլ, մանաւանդ որ շատ բան կը սպասուի իրմէ:

Ալոնսոյի խումբը չորեքշաբթի գիշեր Լոնտոնի մէջ բարեկամական մրցում մը կատարեց Անգլիոյ փոխախոյեան Արսենալի դէմ` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Լեւերքուզըն բարձր մակարդակի բերդապահներ ունէր, եւ անցեալ եղանակին Ալոնսօ կ՛օգտագործէր իր երկու բերդապահները` Լուքաս Հրատեքին (Ֆինլանտա) ու Մաթէյ Քովարը (Չեխիա):

34 տարեկան Հրատեքի Ֆինլանտայի եւ Լեւերքուզընի խմբապետն էր եւ կը մասնակցէր «Պունտըսլիկա»-ի եւ Եւրոպական բաժակի մրցումներուն, մինչ Քովար, որ 10 տարի աւելի կրտսեր է Հրատեքիէն, կը մասնակցէր բաժակի խաղերուն:

Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, Քովար աններելի սխալներ գործեց «դիւրացնելով» Ալոնսոյի գործը (մնալով Հրատեքիի հետ իբրեւ հիմնական բերդապահ):

Արսենալ 4-1 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը արձանագրեց` 2 արագ կոլեր նշանակելով Չենչենքոյի եւ Թրոսարտի շնորհիւ 8-րդ եւ 9-րդ վայրկեաններուն: Գերմանացի Քայ հրաւիրեց, որ նախապէս Լեւերքուզընի աստղն էր կատարեց Արսենալի երկու կոլերուն փոխանցումները:

38-րդ վայրկեանին, պրազիլացի Կապրիէլ Ժեսուս աւելցուց 3-րդ կոլ մը:

Առաջին կիսախաղին Լեւերքուզըն աւելի տիրապետեց մրցումին վրայ եւ դաշտին կեդրոնը, սակայն Արսենալ աւելի կոլ նշանակելու առիթներ ձեռք բերաւ եւ նշանակեց 3 կոլ:

Բ. կիսախաղին, Լեւերքուզըն շատ աւելի լաւ խաղցաւ, մանաւանդ փոփոխութիւններէն ետք: 65-րդ վայրկեանին Քայ Հաւերց նշանակեց

Արսենալի 4-րդ կոլը: Չեխ յառաջապահ Ատամ Հլոզեք դաշտ մուտք գործելէն 13 վայրկեան ետք (76-րդ վայրկեանին) նշանակեց Գերմանիոյ ախոյեանին միակ կոլը` օգտուելով Նաթան Թելլայի փոխանցումէն:

Այլ բարեկամական մրցումներու ընթացքին, Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթեց Չելսիին, Ա. Սէ. Միլան փենալթիներով յաղթեց Պարսելոնայի մրցումը աւարտելէ ետք 2-2 արդիւնքով, ուր Միլան 2 կոլերը նշանակած էր առաջին 15 վայրկեաններուն:

Աթլեթիքօ Մատրիտ 6-1 արդիւնքով յաղթեց Քիչիի (Հոնկ Քոնկ) դէմ մրցումին, Հոնկ Քոնկ մէջ, Փարիզ Սեն Ժերմեն 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Շթուրմ Կրացի հետ, Աւստրալիոյ մէջ, Ասթոն Վիլա իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքօ Պիլպաոյին, մինչ Իտալիոյ ախոյեան Ինթեր Միլան 2-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Սէուտական Արաբիոյ Իթթիհատ խումբէն, որուն մաս կը կազմեն Քարիմ Պենզեմա, Մուսա Տիապի, Ֆապինիօ, Լուիս Ֆելիփէ եւ Էնկոլօ Քանթէ:

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբին Ելոյթները Գիւմրիի Եւ Երեւանի Մէջ` Գործակցութիւնը Նոր Որակի Եւ Մակարդակի Բարձրացնելու Առիթ

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտի Խումբը Ամբողջացաւ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.