Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 6, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

–  «ԺԱՏԻՏ»-Ի տեղեկութեան համաձայն, «Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Գահիրէ, եւ հաւանական է, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Պէյրութ այցելէ»:

–  ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւր մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Լիբանանի պաշտօնատարներուն փոխանցուեցան դիւանագիտական պատգամներ, որոնք կը զգուշացնեն, թէ Իսրայէլ կրնայ դիմել կայծակնային ու մեծապէս քանդիչ օդային բուռն յարձակումի մը, որ նախորդներէն տարբեր պիտի ըլլայ»:

–  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանան այցելելէ զերծ մնալու:

–  ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուն. «Կը վերահաստատենք Սէուտական Արաբիոյ բոլոր քաղաքացիներուն ուղղուած Լիբանանէն անմիջապէս հեռանալու կոչը»:

–  ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի. «Ուքրանիան 30 քաղաքացիներ հեռացուց Լիբանանէն` շրջանին մէջ կացութեան վատթարացման պատճառով»:

–  ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարարութիւն. «Ֆրանսայի քաղաքացիներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ տակաւին դէպի Ֆրանսա ուղղակի եւ անուղղակի թռիչքներ կան: Կոչ կ՛ուղղենք` հիմա եւ անմիջապէս Լիբանանէն հեռանալու քայլեր որդեգրելու»:

–  ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ամերիկեան դեսպանատունը Միացեալ Նահանգներու Լիբանանէն հեռանալ փափաքող քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` «կարելի որեւէ օդանաւային տոմս ապահովելու»:

–  ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց անմիջապէս հեռանալու Լիբանանէն` «քանի դեռ կարելիութիւնը կայ»:

–  ՇՈՒԷՏԻ արտաքին գործոց նախարարը Լիբանանի մէջ իր երկրի դեսպանատան ժամանակաւորապէս փակումն ու մինչեւ օգոստոսի աւարտը Կիպրոս փոխադրումը յայտարարեց` իր երկրին քաղաքացիներուն եւս կոչ ուղղելով` Լիբանանէն հեռանալու:

–  ՃԱՓՈՆԻ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանանէն հեռանալու:

–  ԹՈՒՐՔԻՈՅ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` Լիբանանէն հեռանալու:

–  ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Ժատիտ»-ին կը յայտնեն, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի կիրակի օր երկարատեւ ժողով մը գումարելով քննարկած են ապահովական կացութիւնը, գետնի վրայ զարգացումներուն ու փրկարարական աշխատանքի կառավարութեան պատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ Արտակարգ իրավիճակներու բարձրագոյն մարմինի եւ Հարաւի խորհուրդի որեւէ զարգացումի հետեւանքներու դիմակայման մէջ դերակատարութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ըստ «Թայմզ Աֆ Իզրայէլ»-ի. Իսրայէլ Կրնայ Կանխարգելիչ Հարուած Հասցնել Իրանին, Եթէ Յստակ Տեղեկութիւն Ունենայ, Թէ Անոր Յարձակումը Անխուսափելի Է

Յաջորդը

Միքաթի-Ժոլի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.