Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս 14-15 Օգոստոսին Պիտի Այցելէ Թուրքիա

August 3, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք պիտի արտասանէ: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ:

«15 օգոստոսին խորհրդարանի նիստի կը հրաւիրեմ` մեր վճռական աջակցութիւնը արտայայտելու Պաղեստինի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ապահովելու, որ Պաղեստինի ճնշուած ժողովուրդի ձայնը լսուի ամբողջ աշխարհի վրայ: Նիստի ընթացքին խօսք պիտի արտասանէ Պաղեստինի ղեկավար Մահմուտ Ապպասը», յայտնած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահը:

Նախքան այդ, Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Ֆահրեթթին Ալթուն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտնած էր, որ Ապպաս 14-15 օգոստոսին պիտի այցելէ Թուրքիա:

14 օգոստոսին Ապպաս հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, իսկ 15 օգոստոսին խօսք պիտի արտասանէ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ:

«Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» նախապէս հաղորդած էր, որ Էրտողան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն պահանջած է ներում հայցել` Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ խօսք արտասանելու հրաւէրին չպատասխանելուն համար:

«Կը ցաւիմ, որ պարոն Ապպաս խօսք չարտասանեց խորհրդարանին մէջ, թէեւ մենք զինք հրաւիրած էինք: Ան պէտք է մեզմէ ներում հայցէ: Մենք կը սպասենք, որ տեսնենք` արդեօք ան կրնա՞յ (Թուրքիա) գալ», ըսած է Էրտողան:

Ան յայտնած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը «բաց է բոլոր անոնց առջեւ, որոնք ճիշդ ուղիին վրայ կը քալեն»:

 

Նախորդը

Պլինքըն. «Միացեալ Նահանգներ Կը Դադրեցնեն Վրաստանին Օգնութիւնը»

Յաջորդը

Էրտողան. «Հանիէի Ահաբեկումն Ու Լիբանանի Վրայ Յարձակումը Ցոյց Տուին, Որ Իսրայէլ Շրջանին Սպառնալիք Կը Ներկայացնէ»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.