Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կուարտիոլա Կը Սպասէ…

August 2, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փեփ Կուարտիոլա այժմ իր ակումբին հետ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, ուր Մանչեսթըր Սիթի բարեկամական փորձ-մրցումներ կը կատարէ:

Վերջին մրցումը տեղի ունեցաւ երէկ, ուր Սիթի 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց (2-2) Կուարտիոլայի նախկին ակումբներէն Պարսելոնայի հետ, ապա փենալթիներով (4-1) պարտութիւն մը կրեց: Սիթի, որ իր նախկին 2 մրցումներուն ալ ձախողած էր յաղթել Սելթիքի (4-3) եւ Ա. Սէ. Միլանի (3-2) դէմ, հարցեր ունի կարգ մը մարզիկներու հետ, որոնք դժգոհ են իրենց պաշտօնէն` խումբին մէջ:

Կուարտիոլա հռչակաւոր է շատ մարզիկներ փոխարինելով (տարբեր մրցումներու)` հաստատ չմնալով հիմնական 11-ին մէջ:

Բերդապահ Էտերսոն Պրազիլի ազգային խումբի պահեստի բերդապահն է եւ 2017-էն ի վեր Սիթիին մաս կը կազմէ, բայց միշտ դժգոհ կ՛երեւի եւ կ՛ուզէ դաշտ ներկայանալ ամէն մրցումի:

«Յուսամ, որ Էտերսոն որքան արագ որոշում տայ իր ապագային գծով, այնքան լաւ կ՛ըլլլայ: Յոյսով եմ, որ ան մնայ մեզի հետ: Ան մարզիկ մըն է, որուն կը սիրեմ եւ կ՛ուզեմ, որ մնայ մեզի հետ: Եթէ որոշէ, թէ պիտի մեկնի… Հակառակ իմ սրտի ցաւին, ես կը հասկնամ», ըսաւ Կուարտիոլա:

Պարագան նոյնն է արժանթինցի յառաջապահ Խուլիան Ալվարեսին, որ վերջերս իր ապագային մասին կը մտածէր:

Ալվարես վերջերս ըսած էր, թէ դժգոհ է Մանչեսթըր Սիթիի իր դերէն, որ ձեւով մը երկրորդական է:

«Ես ժամանակ չունեցայ տակաւին լրջօրէն նստիլ մտածելու, թէ ի՛նչ ընեմ: Ողիմպիական խաղերէն ետք կը սկսիմ մտածել, թէ ի՛նչը աւելի լաւ է ինծի համար», ըսաւ Ալվարես:

Նշենք, որ վերջերս Արժանթինի հետ Քոփա Ամերիքայի մրցաշարքին մասնակցած Ալվարես Ողիմպիական խումբին հետ ալ կը մասնակցի Փարիզի մրցաշարքին:

«Ես տեղեկութիւն ունեցայ, որ Ալվարես իր ապագային մասին կը մտածէ: Լաւ է, թող մտածէ, եւ ապա մեզի թող յայտնէ իր որոշումը: Ան անցեալ տարեշրջանին շատ մրցումներ կատարեց:

Արդեօք աւելի՞ կ՛ուզէր խաղալ: Ֆութպոլիստի համար ցանկութիւն է միշտ խաղալը», ըսաւ Կուարտիոլա:

24 տարեկան Ալվարես վերջերս դժգոհութիւն յայտնած էր, որ կարեւոր խաղերուն ան հիմնական կազմէն նկատի չէր առնուեր:

Սիթիի անգլիացի ձախ ծայրի յարձակող միջնապահ Ճեք Կրիլիշ կը փորձէ իր ետին ձգել Եուրոյէն բացակայելու իր տխրութիւնը եւ կեդրոնանալ Միացեալ Նահանգներու մէջ Սիթիի մրցումներուն վրայ:

«Արձակուրդի ժամանակ, ամէն անգամ, որ հեռախօսիդ նայիս, ստիպուած կը դիտես Եուրօն, որովհետեւ շատ դժուար էր չդիտելը: Կը կարծեմ, որ պէտք էր Անգլիոյ կազմին մէջ ըլլայի: Եւ գիտէի, որ յատուկ բան ունէի յայտնելու ազգային խումբին, բայց չհրաւիրուեցայ եւ չկրցայ մասնակցիլ: Ինչպէս ըսի, ֆութպոլիստի մը համար ամէնէն դժուար պահերէն մէկն է: Ասպարէզիս ընթացքին շատ վերելքներ եւ վայրէջքներ եղած են», ըսաւ Կրիլիշ, որ Պարսելոնայի դէմ երէկ 2-րդ կոլը նշանակեց:

 

 

Նախորդը

Արսենալ Կը Փորձէ Ձեռք Ձգել Սանէն

Յաջորդը

Փարիզի Ողիմպիական Խաղեր. Շվիանթեք Եւ Զվերեւ Դուրս Մնացին, Ալքարաս – Նատալ Զոյգը Ձախողեցաւ

RelatedPosts

Փարաբազկամարտ.  Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Փարաբազկամարտ. Հայաստան 5 Մետալ Նուաճեց

November 10, 2026
Ճատրակ.  Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Ճատրակ. Ռոպերթ Փիլիպոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

November 10, 2026
Վան Տայք Շատ Հաւանաբար  Միանայ Պարսելոնային
Մարզական

Վան Տայք Շատ Հաւանաբար Միանայ Պարսելոնային

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.