Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Ըլլալ Հայրենասէր

August 2, 2024
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Հայրենասիրութիւնը մարդու մը ինքնութեան անբաժան եւ կարեւորագոյն մասը պէտք է ըլլայ: Հայրենասէր ըլլալ` կը նշանակէ սիրել եւ նուիրուիլ հայրենիքին, յարգանքով եւ գուրգուրանքով մօտենալ անոր մշակոյթին, պատմութեան ու արժէքներուն: Հայրենիքը սիրելը կը ներառէ հայրենիքի բարօրութեան համար աշխատիլ, զայն պաշտպանել եւ անոր զարգացման նպաստել: Հայրենասէր ըլլալ` չի նշանակեր սակայն սեփական ազգը գերադասել միւս ազգերէն, այլ սիրել հայրենիքը` յարգելով օտարինը:

Դժբախտաբար, սակայն, զանազան պատճառներով հայրենասիրութիւնը պակսած է շարք մը ազգերու  մօտ: Մարդ եթէ հայրենասէր չէ, կը նշանակէ, որ ան կը նպաստէ մշակութային եւ տնտեսական սահմաններու ջնջման, ինչ որ կրնայ յառաջացնել ազգային ինքնութեան թուլացում: Այսօր մարդիկ աւելի կապուած կը զգան համաշխարհային մշակոյթին եւ աւելի քիչ` իրենց ազգային արմատներուն: Համաշխարհայնացումը, համացանցն ու հաղորդակցական միջոցները մարդիկ իրարու մօտեցուցած են, բայց նոյն ատեն զանոնք հեռացուցած` իրենց ազգային մշակոյթէն, աւանդութիւններէն եւ արժէքներէն: Բազմաթիւ մարդիկ կ’արտագաղթեն աւելի լաւ առիթներ եւ ապրելու պայմաններ գտնելու համար յաճախ ձգելով իրենց հայրենիքը եւ մշակոյթը:

Իսկ ինչ կը վերաբերի հայ մարդուն, հայրենասիրութիւնը հայուն գոյութեան, մշակոյթի եւ լեզուի պահպանման համար կենսական նշանակութիւն ունի: Հայրենասիրութիւնը առաջին հերթին մեր մշակութային ժառանգութեան պահպանումն է: Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը հարուստ են, եւ հայրենասիրութիւնը կը նպաստէ այդ ժառանգութեան պահպանման: Մեր լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը եւ աւանդութիւնները պահպանելով` մենք կը փոխանցենք մեր ինքնութիւնը գալիք սերունդներուն: Հայրենասիրութիւնը նաեւ մեր միասնութեան կարեւորագոյն մասնիկն է. երբ բոլորս միասնական եւ միաձայն ենք` միեւնոյն նպատակի համար, մեր ուժն ու կարողութիւնը կը բազմապատկուին:

Հայոց պատմութեան մէջ մենք բազմիցս դիմագրաւած ենք մարտահրաւէրներ եւ վտանգներ: Հայրենասիրութիւնը միշտ նպաստած է` պաշտպանելու մեր հայրենիքը եւ մեր արժէքները: Ան կ’ոգեշնչէ սերունդները` յարգելու եւ պահպանելու իրենց արմատները, ինչպէս նաեւ կը նպաստէ հայրենիքի զարգացման:

Այսօր, ինչպէս արդէն նշեցինք, աշխարհի մէջ մեծ տեղաշարժեր եւ փոփոխութիւններ կան, եւ մեր հայրենիքը կը գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Հայրենասիրութիւնը կը նպաստէ, որ բոլորս միասին աշխատինք մեր երկրի բարօրութեան եւ զարգացման համար: Հայրենիքի հանդէպ սիրով եւ նուիրումով մենք կը յաջողինք պահպանել եւ պաշտպանել մեր ինքնութիւնը, ապահովել մեր երկրի անվտանգութիւնը եւ նպաստել անոր զարգացման: Դժբախտաբար 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի պարտութիւնը ծանր հարուած հասցուց մեր ժողովուրդին: Շատերու մէջ անտարբերութիւն ու վախ յառաջացաւ հայրենասիրութեան հանդէպ: Մարդիկ սկսան վախնալ հայրենասէր ըլլալէ` չկորսնցնելու համար այն, ինչ որ ունին: Սակայն այս անտարբերութիւնը եւ վախը կը վտանգեն մեր հայրենիքի գոյատեւումը: Եթէ մենք չսիրենք եւ չպաշտպանենք մեր հայրենիքը, ապա ան կը դառնայ աւելի խոցելի ու վտանգուած: Արցախի պատերազմի պարտութիւնը պէտք է մեզ մղէ աւելի յամառ ու նպատակասլաց դառնալու: Մենք պէտք է վերականգնենք մեր հաւատքն ու յոյսը ապագայի հանդէպ ու շարունակենք պայքարիլ մեր արժէքներու եւ հայրենիքի համար: Հայրենասիրութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է, որպէսզի կարենանք պաշտպանել մեր հայրենիքը եւ ապահովել մեր սերունդներու անվտանգ ու ապահով ապագան` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի մը մէջ:

Մեր խօսքը աւարտենք Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ խօսքով. «Փոքր ազգերը պարտադրօրէն աւելի հայրենասէր պէտք է ըլլան, քան մեծերը, մենք` աւելի, քան բոլորը»:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցութիւն «Papa»

Յաջորդը

Յանուն Լիզպոնի Գործողութեան Անձնուրացներուն

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.