Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանն Ու ՀԱՊԿ-ի Անդամ Ղազախստանը Կը Ծրագրեն Զինուորական Հետախուզական Տեղեկութիւններու Փոխանակում Կատարել

July 30, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանն ու ՀԱՊԿ-ի անդամ Ղազախստանը կը ծրագրեն փոխանակել զինուորական հետախուզական տեղեկութիւններ, որոնք պիտի վերաբերին ահաբեկչական եւ ծայրայեղական կազմակերպութիւններուն, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններուն: Այս մասին հաղորդեց ղազախական «Թենկրինիուզ» կայքը:

Բացի ատկէ, անիկա կ՛ենթադրէ մասնակից պետութիւններու տարածքներուն մէջ միացեալ մարտական պատրաստութեան քայլերու կատարում:

Ղազախական «Օթքրիկիէ» կայքին վրայ քննարկման դրուած է զինուորական հետախուզութեան ոլորտին մէջ Ղազախստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան մասին համաձայնագիրի նախագիծը:

«Գաղտնի տեղեկատուութեան փոխանակումը, օգտագործումը եւ պաշտպանութիւնը կը կատարուին գաղտնի տեղեկութեան փոխադարձ պաշտպանութեան մասին առանձին միջազգային համաձայնագիրի հիման վրայ: Կողմերը այս համաձայնագիրով համագործակցութեան ընթացքին ձեռք բերուած տեղեկութիւնը չեն օգտագործեր ի վնաս այդ տեղեկութիւնը տրամադրած կողմին», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ տեղեկութիւնը, որ երկիրները ստորագրուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ պիտի փոխանակեն, չի կրնար բացայայտուիլ, տրամադրուիլ կամ փոխանցուիլ երրորդ կողմի` առանց համապատասխան տեղեկութիւն տրամադրող կողմի գրաւոր համաձայնութեան:

«Կողմերը իրարու դէմ զինուորական հետախուզական գործողութիւններ չեն կատարեր», կ՛ընդգծուի փաստաթուղթին մէջ:

Համաձայնագիրը կրնայ կասեցուիլ կողմերէն մէկուն «անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, հասարակական կարգի կամ ազգային անվտանգութեան սպառնալիքի» պարագային: Եթէ ատիկա տեղի ունենայ, ապա միւս կողմը պէտք է գրաւոր տեղեկացնէ դիւանագիտական ուղիներով:

Զինուորական հետախուզութեան համաձայնագիրը կը կնքուի 5 տարուան ժամկէտով, եւ եթէ կողմերէն մէկը որոշէ զայն խզել, ապա պարտաւոր է այդ մասին տեղեկացնել առնուազն 6 ամիս առաջ:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաջորդական Պարտութիւններ Կրեց

Յաջորդը

Վենեզուելայի Իշխանութիւններն Ու Ընդդիմութիւնը Նախագահական Ընտրութեան Մէջ Իրենց Յաղթանակը Կը Յայտարարեն

RelatedPosts

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները  Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ  Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

Ապու Տապիի Մէջ Եռակողմ Բանակցութիւնները Աւարտեցան. Ուիթքոֆ Եւ Քուշներ Այսօր Մոսկուա Կ՛այցելեն

November 12, 2026
Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը  Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման  Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը
Միջազգային

Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժեց Հեկսեթի Պաշտօնազրկման Ընթացակարգ Նախաձեռնելու Փորձը

November 12, 2026
Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը  «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց
Միջազգային

Իլաթի Մէջ Երկրաշարժ Մը «Ռամոն» Օդակայանին Վնասներ Պատճառեց

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.