Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել, մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու եւ Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման երկխօսութիւն սկսելու համար «կանաչ լոյս վառելու» որոշումները, նշած է, որ անոնք պիտի ամրապնդեն Եւրոպական Միութեան Հայաստանի հետ գործընկերութիւնը:
«Այս երկու որոշումները Հայաստանի կողմէ երկար սպասուած էին: Ես շատ ուրախ եմ, որ ատիկա կրնայ վերջնականապէս համաձայնեցուիլ մինչեւ ամառնային արձակուրդը, որովհետեւ գիտէք` Կովկասի մէջ կացութիւնը որքան լարուած է: Ատիկա պիտի ամրապնդէ Հայաստանի հետ մեր գործընկերութիւնը», նշած է Պորել:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ: Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինեալ ուժերու նիւթական-արհեստագիտական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային ու արտակարգ կացութիւններուն մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւման:


