Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Պաշտօնապէս Վաւերացուց Խաղաղութեան Եւրոպական Հիմնադրամէն Հայաստանին 10 Միլիոն Եւրօ Տրամադրելու Որոշումը

July 23, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ ըլլալով Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 10 միլիոն եւրօ: Հայաստանի Հանրապետութեան աջակցելու համար տրամադրուելիք օգնութեան նպատակն է բարձրացնել Հայաստանի զինեալ ուժերու նիւթական-արհեստագիտական կարողութիւնները եւ նպաստել ճգնաժամային ու արտակարգ կացութիւններու մէջ խաղաղ բնակչութեան պաշտպանութեան բարելաւումին:

Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցին հաղորդումով` որոշումը տրուած է Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան գործընկերութեան ծիրին մէջ եւ հիմնուած է հասարակաց արժէքներու վրայ, ուղղուած է Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանման: Անիկա նաեւ նպատակ ունի բարձրացնել Հայաստանի դիմադրողականութիւնը, արագացնել զինեալ ուժերու փոխգործունակութիւնը հետագային երկրին կողմէ միջազգային, ներառեալ Եւրոպական Միութեան կողմէ կազմակերպուած զինուորական առաքելութիւններուն ու գործողութիւններուն հաւանական մասնակցութեան պարագային:

Ըստ որոշումին, աջակցութիւնը պիտի արտօնէ գումարտակի չափով ստորաբաժանման համար ապահովել լիարժէք վրանային ճամբար:

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորելի համաձայն, Հայաստանի հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ անվտանգութիւնը կարեւոր տարր է: Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը փոխադարձ շահագրգռուածութիւն ունի աւելի ընդլայնելու իր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ երկխօսութիւնը` նաեւ դիտարկելով Հայաստանի ապագայ մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան գլխաւորած առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն:

«Եւրոպական Միութիւնը հաւատարիմ է Հայաստանի հետ համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնը ընդլայնելուն` հիմնուած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վրայ եւ առաւել եւս ամրապնդելու յարաբերութիւնները բոլոր հարթութիւններուն վրայ: Ասիկա կը ներառէ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան աշխուժացում, որ կը ներառէ նաեւ անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան հասարակաց քաղաքականութիւնը», նշուած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունեց Եւրոպական Միութեան խորհուրդին` արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ որդեգրուած որոշումները:

«Մենք կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան կողմէ` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով որդեգրուած պատմական որոշումները Եւրոպական խաղաղութեան գործիքին տակ Հայաստանին աջակցութեան տրամադրման եւ մուտքի արտօնագրի ազատականացման երկխօսութեան մեկնարկին վերաբերեալ:

«Ասիկա Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան շատ կարեւոր փուլ է, գործընկերութիւն, որ կը խորանայ` հիմնուած հասարակաց արժէքներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ կայունութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան տեսլականի վրայ:

«Անկեղծօրէն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Եւրոպական Միութեան կառոյցներու եւ անդամ երկիրներու իմ գործընկերներուս»,  նշուած է Միրզոյեանի յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել, մեկնաբանելով Եւրոպական Միութեան Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամէն Հայաստանին 10 միլիոն եւրօ տրամադրելու որոշումը, յայտնեց. «Անվտանգութիւնը կը դառնայ Հայաստանի հետ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւոր տարրը»:

«Խաղաղութեան Եւրոպական հիմնադրամի այս քայլը ա՛լ աւելի պիտի բարձրացնէ երկրին դիմադրողականութիւնը: Մենք փոխադարձ շահագրգռուածութիւն ունինք արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ մեր երկխօսութեան հետագայ ընդլայնման, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան գլխաւորած առաքելութիւններուն եւ գործողութիւններուն Հայաստանի հետագայ մասնակցութեան հարցին մէջ», նշած է Պորել:

Եւրոպական Միութեան խորհուրդը իր կարգին ողջունեց եւրոպական յանձնաժողովի Հայաստանի հետ մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման շուրջ երկխօսութիւն սկսելու մտադրութիւնը:

Նախորդը

Պաքուն Իր Բողոքը Կը Յայտնէ Եւրոպական Խաղաղութեան Գործիքին Ներքեւ Հայաստանին Աջակցութեան Որոշումին Դէմ

Յաջորդը

Իշխան Սաղաթէլեան Պելճիքայի Մէջ Քննարկած Է Հայ Ռազմագերիներու Եւ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Ազատ Արձակման Հարցը

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.