Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

July 23, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան
Լիզպոնի «Կիւլպէնկեան» Մատենադարանին Մէջ Ցուցահանդէս` Նուիրուած Երուսաղէմի Հայութեան

Լիզպոնի Հայկական համայնքներու վարչութիւնը եւ «Կիւլպէնկեան» արուեստի գրադարանը եւ Արխիւը միասնաբար կազմակերպած են «Հայերը եւ Երուսաղէմը» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքի հազարամեայ պատմութիւնը: Երուսաղէմի հայկական թաղամասը Հին Քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է` անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան տունը:

2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի կառուցման վերաբերող արխիւները մեկնակէտը հանդիսացան ցուցահանդէսի մը, որ կ՛անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի միջեւ եղած սերտ կապին, ինչպէս նաեւ` Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքին հետ անձնական կապին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նորայայտ փաստաթուղթերէն ընտրանի մը` Կիւլպէնկեանի եւ ժամանակի պատրիարքներու նամակագրութեանց, եկեղեցւոյ կրօնական իրեր, Երուսաղէմէն փոխառուած հազուագիւտ եւ եզակի յախճապակեայ կտորներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութենէն փոխառուած Սրբոց Յակոբեանց մայր տաճարի` Սուրբ Գլխադրի մատուռի 18-րդ դարու ասեղնագործ վարագոյր մը` Նախիջեւանէն, որ Լիզպոն փոխադրեց եւ ցուցահանդէսի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարան»-ի տեսուչ Արշակ աբղ. Ղազարեան:

Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան մշտապէս ամուր հոգեւոր կապ ունեցած է Սուրբ քաղաքին հետ եւ զգալի բարեսիրական ծրագրեր իրագործած է Սուրբ Աթոռէն ներս, մինչեւ իսկ իր ծնողներու` Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեաններու յիշատակին կառուցած է «Կիւլպէնկեան» մատենադարանը: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը կը շարունակէ իր հիմնադրին աւանդութիւնը` աջակցելով Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին եւ հայոց պատրիարքութեան:

Ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ յունիս 20-ին, Լիզպոն, եւ պիտի շարունակուի մինչեւ սեպտեմբեր 22 «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Արուեստի գրադարանի «Աթրիում»-ին մէջ:

Նախորդը

Նոր Գիրքերու Հետ. Լիբանանի Հայկական Երգչախումբերու Մասին Հանրագիտարանի Արժէքով Հատոր Մը

Յաջորդը

Խանասորի Արշաւանքի Շունչով Եւ Դաշնակցականի Ուխտը Վերանորոգելու Ոգիով Նշուեցաւ «Պատանիի Օր»-ը

RelatedPosts

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը
Գաղութէ Գաղութ

Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Բժիշկ Մկրտիչ Տարագճեանի Քանդակներու Ցուցահանդէսը

November 21, 2026
Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին Նշանատախտակի Բացում

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.