Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադառնալով Հայաստանին Սպառազինութեան Վաճառքին` Մաքրոն. «Շատ Բնական Է, Որ Դաշնակիցները Զիրար Կը Զինեն` Գերիշխան Տարածքը Պաշտպանելու Համար»

July 20, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շատ բնական է, որ դաշնակիցները զիրար կը զինեն` գերիշխան տարածքը պաշտպանելու համար: Այս մասին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն` նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան ֆրանսական սպառազինութեան վաճառքը:

Ֆրանսայի նախագահը այս մասին ըսած է Լոնտոնի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 4-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Եթէ վերջին տասնամեակին նայիք, ապա Ազրպէյճան շատ աւելի զինուած է, քան Հայաստանը: Եւ եթէ յիշողութիւնս չի դաւաճաներ, Ազրպէյճանն էր, որ 2020-ին սարսափելի պատերազմ սկսաւ: Բնական է արձագանգել դիմումին գերիշխան երկրին, որ սպառազինութիւն կ՛ուզէ եւ կը նախազգուշացնէ, որ ուրիշ երկիր մը կրնայ իր վրայ յարձակիլ», ըսած է Մաքրոն:

Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն երբեք պատերազմի կամ յարձակումի վերաբերեալ որեւէ մտադրութիւն չէ լսած:

Պաքուի Արձագանգը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ յայտարարած է. «Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի տեսակէտները` Հայաստանի ռազմականացման քաղաքականութիւնը արդարացնելու եւ Ազրպէյճանի նկատմամբ բացայայտ կողմնակալ դիրքորոշում ցուցաբերելու, շրջանին մէջ լարուածութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ հոլովոյթը խոչընդոտելու եւս մէկ վառ օրինակ են»:

Նշելով, թէ պատերազմով Պաքուն վերջ դրած է «30 տարուան բռնագրաւումին եւ վերականգնած Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը` Ազրպէյճանի օրինական ու միջազգային օրէնքի հիման վրայ», Հաճիզատէ շեշտած է. «Պաքուի ջանքերը, ներառեալ իր զինուորական ներուժի հզօրացումը, ուղղուած են արդար նպատակներու իրականացման: Սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել Հայաստանի մասին, որ բռնագրաւող պետութիւն է», ըսած է Հաճիզատէ` Ֆրանսան մեղադրելով անարդար քաղաքականութիւն վարելու յանցանքով:

«Ֆրանսայի ջանքերը, որոնք չեն ծառայեր խաղաղութեան եւ կը խոչընդոտեն շրջանի կայունութիւնը, որեւէ արդիւնք պիտի չտան», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը:

 

Նախորդը

Ալիեւ. «Խաղաղութեան Համար Նախ Եւ Առաջ Անհրաժեշտ Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Կէտերու Փոփոխութիւնը»

Յաջորդը

Զաթուլին. «Հայաստան Կ՛անցնի Արեւմուտքի Թեւին Տակ, Ռուսիան Պէտք Է Խոր Եզրակացութիւններ Կատարէ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.