Վաղը յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ այս տարեշրջանի 13-րդ կրան փրին` Հունգարիոյ մէջ:
Հունկարորինկը կը նկատուի ամէնէն դժուար մրցումներէն մէկը, ուր վարորդներուն բաւական դժուար է իրար գերազանցելը, շրջավազքի նեղ ճամբաներուն պատճառով:
Հունկարորինկը կը նմանի Մոնաքոյին` առանց պատերուն, ուր վարորդներուն վարպետութիւնը եւ ինքնաշարժին արագութիւնը մեծ դեր ունի:
Շատ կարեւոր դեր ունի նաեւ անիւ փոխելու (փիթ սթոփի) փլենը:
Ասիկա փաստած էր Միքայէլ Շումախըր, իր հիմնական անիւ փոխելու ժամանակը փոխած էր եւ տարբեր ժամանակներ փոխելով կրցած էր առաջին դիրքը գրաւել 1998-ի կրան փրիին:
Միայն բրիտանացի Լուիս Համիլթըն (8 անգամ) կրցած է Շումախըրէն աւելի շահիլ Հունկարորինկի շրջավազքին վրայ:
Համիլթըն վերջին անգամ 2020-ին շահած էր Հունգարիոյ մէջ: Վերջին երկու տարիներուն Մաքս Վերշթափըն կրցած էր շահիլ Հունկարորինկը, սակայն այս տարի Մաքլարեն եւ Մերսետես բաւական լուրջ մրցակց դարձած են Ռետ Պուլի, ըստ վերջին կրան փրիներուն:
Նշենք, որ Հունկարորինկը կը բաղկանայ 70 շրջաններէ:


