Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոխանցումներու Աշխարհ. Էմպափէ Պաշտօնապէս Միացաւ Ռէալին. Ռոտրի Կրնայ Միանալ Ռէալ Մատրիտին

July 19, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսացի Քիլիան Էմպափէ վերջապէս իր մանկութեան երազը իրականացուց` միանալով աշխարհի ամէնէն անուանի ակումբին` Ռէալ Մատրիտին: Ան երեքշաբթի օր 80 հազար համակիրներու առջեւ ներկայացաւ Պեռնապէօ դաշտ, Ռէալի շապիկով:

Էմպափէ 8 տարեկանին Պեռնապէօ դաշտին պզտիկ մանրակերտը ստացած էր, եւ մամլոյ ասուլսին յայտարարեց, թէ իր մանկական երազը իրականացուցած է 25 տարեկանին:

«Մանկութենէս գիտէի, թէ ճակատագիրս է խաղալ Ռէալ Մատրիտի հետ: Դպրոցիս մէջ փայլուն աշակերտ չէի, բայց երազս էր Մատրիտի ակումբէն խաղալը եւ գիտէի, որ սպաներէն սորվելով կրնամ շուտ մթնոլորտի մէջ մտնել», ըսաւ ան:

Էմպափէ բեմին վրայ հանդիպեցաւ նաեւ իր ազգակից նախկին ֆութպոլիստ եւ մարզիչ Զինետին Զիտանի, որ 2012-ին Էմպափէն հրաւիրած էր Մատրիտ, երբ ան 13 տարեկան էր, այցելութիւն մը, որ ան բացատրած էր, թէ իր կեանքի ամէնէն կարեւոր վայրկեաններէն մէկն էր:

Էմպափէ 6 անգամ Ֆրանսայի ախոյեանութիւնը շահեցաւ, ինչպէս նաեւ ձեռք բերաւ 4 բաժակի տիտղոսներ` դառնալով Փարիզ Սեն Ժերմենի պատմութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրը 256 կոլերով` 7 տարիներու ընթացքին, բայց ձախողեցաւ «Չեմփիընզ լիկ» կամ «Պալոն տ՛օր» շահիլ:

Էմպափէ պիտի միանայ աստղերու` Վինիսիուս Ճաունիորի եւ Ճուտ Պելինկհամի, մարզիչ Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորութեամբ, որ կը նկատուի «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան լաւագոյն մարզիչը 5 տիտղոսներով:

Էմպափէ, որ ընդհանրապէս ձախ ծայրի յառաջապահ դիրքին վրայ կը խաղար, դիրք մը, պրազիլցի Վինիսիուս Ճունիոր ալ կը խաղայ, հարց չունէր պայքարելու դիրքի համար:

«Ես կրնամ յառաջապահ 3 դիրքերու վրայ ալ խաղալ: Ուր որ պիտի խաղամ բնաւ կարեւոր չէ: Ես նոր կը միանամ խումբին եւ ես պէտք է վարժուիմ այն բանին, թէ մարզիչը ո՛ր դիրքին յարմար տեսնէ զիս», ըսաւ Էմպափէ:

Միւս կողմէ, Մանչեսթըր Սիթի լրջօրէն կը հետաքրքրուի 2 միջնապահ դիրքի մարզիկներով, որոնք կրնան փոխարինել սպանացի Ռոտրին:

Շշուկներ կան, թէ Սպանիոյ «հսկան»` Ռէալ Մատրիտը կ՛ուզէ իր կազմին մէջ առնել Ռոտրին, եւ այդ պատճառով ալ Սիթէի ղեկավարութիւնը հետաքրքրուած է Նիւքեսըլի պրազիլցի միջնապահ Պրունօ Կիմարայէշով, ինչպէս նաեւ Պայերն Միւնիխի գերմանացի Եոշուա Քիմիչով:

Քիմիչ, որ վերջին քանի մը տարիներուն Պայերն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ միջնապահ դիրքի վրայ կը խաղար, անցեալ տարեշրջանին մարզիչ Թոմաս Թուխելի որոշումով վերադարձած էր աջ յետսապահ դիրքին, որ իր հիմնական դիրքն է: Ան վերջին Եուրօ 2024-ի մրցաշարքին ալ Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ աջ ծայրի յետսապահ դիրքի վրայ դաշտ ներկայացաւ, սակայն այդ դիրքը իր նախընտրած դիրքը չէ, եւ ինք կը նախընտրէ կեդրոնի յետսապահ դիրքը:

Պայերն Միւնիխ, որ անցեալ շաբաթ իր կազմին մէջ առաւ Ֆուլհամի փորթուգալցի մարզիկ Ժոաօ Փալինիան, շատ համամիտ չէ Քիմիչը վերադարձնելու դաշտի կեդրոն, մանաւանդ որ տակաւին նպատակ կայ Չաւի Սիմոնզը ձեռք ձգելու, եւ արդէն իսկ Պայերն ունի Լէոն Կորեթցքան Քոնրատ Լայմըրը, Ալեքսանտր Փաւլովիչը, որոնք նոյն դիրքերուն վրայ կը խաղան:

Աւելի՛ն, Պայերն պիտի որոշէ կարգ մը մարզիկներու հետ նստիլ եւ համաձայնիլ յառաջիկայ եղանակին մասին: Անոնց թիւ 1 որոշումը Ալֆոնսօ Տէյվիսի հարցը կրնայ ըլլալ:

Ալֆոնսօ Տէյվիս վերջերս Պայերնի հետ իր դրամական հարցերը կ՛ուզէ լուծել, եւ գերմանական ակումբին ներկայացուցած առաջարկը` 13 միլիոն եւրօ առաւել պոնիւս (նուէր) ընդունելի չէր: Տէյվիս կ՛ուզէ յաւելեալ 15 միլիոն եւրօ` վերանորոգելու իր պայմանագրութիւնը ինչպէս նաեւ աւելի քան 16 միլիոն եւրօ` տարուան իբր աշխատավարձ, առանց պոնիւսներու:

Տէյվիսի հարցը լուծելէ ետք սեղանի վրայ պիտի դրուի ախոյեան Պայեր Լեւերքուզընի կեդրոնի յետսապահ Եոնաթան Թահի հարցը: Պայերնի ցանկին վրայ կայ նաեւ սպանացի Տանի Օլմոն, սակայն Պայերն պէտք է նախ լուծէ իր ունեցած մարզիկներուն հարցերը, թէ ո՛վ պիտի լքէ կամ կ՛ուզէ լքել ակումբը: Ինչպէս ըսինք, կան մարզիկներ` Քիմիչի, Սերժ Կնապրիի, Լէոն Կորեթքայի, Քիմ Մինճայի, Մաթայս տը Լիխթի, Քինկզլի Քոմանի եւ Տէյվիսի նման, որոնք պէտք է որոշեն մնալ եւ պայքարիլ դիրքի համար:

Տը Լիխթ, որ կեդրոնի յետսապահ է եւ շատ սիրուած Պայերնի համակիրներուն կողմէ, վերջերս կապի մէջ էր Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտին հետ, որ սակայն այժմ նպատակ չունի Նետերլանտներու մարզիկը ձեռք ձգելու:

Նախորդը

Մորաթա Հաւանաբար Միանայ Ա. Սէ. Միլանին

Յաջորդը

2024-ի Փարիզի Ողիմպիական. Էլմիրա Կարապետեան Մասնակցեցաւ Ողիմպիական Ջահերթին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.