Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նասրալլա. «Լիբանանի Անունով Բանակցողը Լիբանանեան Պետութիւնն Է»

July 19, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա 17 յուլիսին Աշուրայի սգատօնին առիթով պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Թիկունք կանգնելու մեր ճակատը պիտի շարունակուի, այնքան ատեն որ տակաւին Կազայի դէմ յարձակումը կը շարունակուի, եւ երբեք պիտի չդադրինք»:

«Այսօր թշնամիին կ՛ըսեմ, որ (հարաւային Լիբանանի մէջ) քաղաքայիններու թիրախաւորման շարունակումը Դիմադրութիւնը պիտի մղէ հրթիռներ արձակելու եւ թիրախաւորելու բնակեցման նոր վայրեր, որոնք նախապէս չէին թիրախաւորուած», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

«Յարձակումը դադրելու պարագային պատուիրակութիւնները պիտի գան բանակցելու հարաւային Լիբանանի ապագային շուրջ. առաջին` Լիբանանի անունով բանակցողը լիբանանեան պետութիւնն է, եւ մեզի հետ կապ հաստատած բոլորին յայտնեցինք, թէ բանակցութիւններուն եւ պատասխաններ տալու առնչակից կողմը լիբանանեան պետութիւնն է:

«Երկրորդ` հարաւային սահմաններուն վրայ կացութեան շուրջ պատրաստ համաձայնութեան մասին բոլոր տարաձայնութիւնները ճիշդ չեն: Մինչեւ հիմա որեւէ համաձայնութիւն չէ գոյացած. կան նախագիծեր, կան գաղափարներ, կան առաջարկներ, ատիկա ժամանակին ձգուած է»:

«Երրորդ` հարաւի մէջ կացութեան ապագան պիտի որոշուի այս ճակատամարտին լոյսին տակ, որուն մէջ, Աստուծոյ կամքով, Դիմադրութեան ճակատները պիտի յաղթեն», յայտնեց ան:

Ան նաեւ նշեց, որ լիբանանեան պետութեան տրամադրելիք օժանդակութիւնը ինչ որ ալ ըլլայ, «մենք իրենց տուները մասնակի կամ ամբողջական կերպով քանդուած մեր ժողովուրդին կը վստահեցնենք, որ մենք ձեզի հետ ձեռք-ձեռքի պիտի աշխատինք: Ճիշդ ինչպէս նախապէս տուած ենք, շատ յստակ կու տանք այս խոստումը` պիտի վերաշինենք մեր տուները, առաջնագիծի մեր գիւղերը նախկինէն աւելի գեղեցիկ պիտի վերակառուցենք, որովհետեւ առաջնագիծի գիւղերը մեր պատիւին, արժանապատուութեան, դիմադրութեան եւ տոկունութեան խորհրդանիշներն են»:

Սէյիտ Նասրալլա` մեկնաբանելով իսրայէլեան խոստովանութիւնները, թէ իսրայէլեան բանակը հրասայլերու պակաս ունի, խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով յայտարարեց. «Եթէ ձեր հրասայլերը Լիբանան եւ հարաւային Լիբանան գան, հրասայլերու սակաւութենէն պիտի չտառապիք, որովհետեւ ձեզի հրասայլեր պիտի չմնան»:

«Մենք կ՛աջակցինք մեր շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց վրայ այս գոյացութիւնը յարձակում գործեց բռնագրաւելով, ջարդելով, յարձակում գործելով եւ սպառնալով», ըսաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:

Նախորդը

Փենթակոն. «Օսթին Եւ Կալանթ Քննարկեցին Իսրայէլի Վրայ Հըզպալլայի Յարձակումները»

Յաջորդը

Քանի. «Իսրայէլի Կողմէ Լիբանանի Դէմ Որեւէ Անխոհեմ Արարք Պիտի Արժանանայ Շրջանի Եւ Աշխարհի Երկիրներու Վճռական Հակադարձութեան»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.