Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլացի Բանագնացներ Բուռն Կերպով Կը Քննադատեն Նեթանիահուն

July 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ապահովական ոլորտի իսրայէլացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` առաջարկին յանձնառու ըլլալու մասին խօսքը ճիշդ չէ, որովհետեւ գործարքը խանգարող նախապայմաններ ճշդած է:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Նեթանիահուի եւ ապահովական մարմիններու ղեկավարներուն միջեւ տարակարծութիւն յառաջացած է իսրայէլեան բանակի Ֆիլատելֆիա միջանցքին մէջ մնալու հարցին շուրջ, եւ Նեթանիահու միջնորդներէն զինեալներուն հիւսիսային Կազա վերադարձը արգիլող ծրագիր մը պահանջած է:

Կայանին համաձայն, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետին կարծիքով` Ֆիլատելֆիա միջանցքին հետ կարելի է այլ ձեւով վարուիլ, առանց իսրայէլեան ուժերը այդտեղ պահելու, իսկ Նեթանիահու կը պնդէ, որ իսրայէլեան բանակը այդտեղ իրողապէս ներկայութիւն ըլլայ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը հաղորդեց, որ բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլեան պատուիրակութեան ղեկավարները շաբաթ օր անոր հետ իրենց ժողովի ընթացքին սուր կերպով քննադատած են Նեթանիահուն:

Կայանը, մէջբերելով լաւատեղեակ աղբիւրներ, կ՛աւելցնէ, որ բանակցութիւններու ընթացքին Նեթանիահուի յայտարարութիւններն ու Քասսամի փաղանգներու ընդհանուր հրամանատար Մոհամետ Տայֆը ահաբեկելու փորձը պաղեստինեան Համաս շարժումը մղած են կարծելու, որ Իսրայէլ գործարք չ՛ուզեր:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հակադարձելով այդ քննադատութիւններուն յայտնեց, որ զինք քննադատող անծանօթ կողմերը պէտք է ջանք թափեն վարչապետի քաղաքական ղեկավարութեան ճշդած հիմնական սկզբունքներուն հիմամբ բանակցութիւնները յառաջ մղելու եւ ոչ թէ իսրայէլեան կողմին վրայ ճնշում բանեցնելու:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ յայտնեց, որ Իսրայէլ տարիներով պիտի շարունակէ հետապնդել Համասի ղեկավարները, ըլլան անոնք առաջին կարգի ղեկավարներ կամ մարտական պատասխանատուներ: Ըստ անոր, Խան Եունեսի մէջ Մոսատին թիրախաւորած յարձակումները կը նպաստեն գերիներու տունդարձին:

Իսրայէլի ելեւմուտքի նախարար Պեցալէլ Սմոթրիչ շեշտեց, որ գերիներու փոխանակման գործարքին համաձայն պիտի չգտնուի, «նոյնիսկ եթէ ատոր գինը քաղաքական կեանքիս վերջը ըլլայ»:

«Ապահովական մարմինները որոշեցին որեւէ գնով յառաջ ընթանալ դէպի ապօրինի գործարք մը», ըսաւ ան` նշելով. «Գործարքին հիմամբ 20 գերիներ պիտի վերադարձուին եւ մնացեալները պիտի լքուին, իսկ պատերազմը առանց կարմիր գիծերու պիտի դադրեցուի»:

«Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց. «Մեր զինուորները մղձաւանջներէ կը տառապին, մեր տնտեսութիւնը կը քայքայուի, դիւանագիտութիւնը կը մաշի, հիւսիսը կ՛այրի եւ Իրան ինքզինք կը զինէ»: Ան աւելցուց նշելով. «Անօրինական կառավարութիւնը կը շարունակէ կարծէք ոչինչ պատահած է»:

«Առեւանգեալներու ազատ արձակման համար բանակցութիւնները պէտք է տեսախցիկներէն հեռու կատարուին», ըսաւ ան` շեշտելով. «Ժամանակն է, որ այլ կառավարութիւն մը երկիրը վերադարձնէ իսրայէլեան զսպումի վերականգնման ճիշդ ուղիին»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց, որ Համաս դրական կերպով պատասխանեց վերջին առաջարկներուն, սակայն Իսրայէլ կացութիւնը անելի մատնեց:

Ֆիտան Պոլսոյ մէջ իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ պըն Ֆարհանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Ներկայիս կացութիւնը կը պահանջէ համաշխարհային ջանք մը` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ Կազայի մէջ իր կատարած վայրագութիւնը»:

«Վերջին շաբթուան ընթացքին տեսանք, որ Համասը որդեգրեց խաղաղութեան ի նպաստ կեցուածք մը, որուն դիմաց իսրայէլեան կառավարութիւնը աշխատանք կը տանէր խանգարելու որեւէ խաղաղ դիրքորոշում, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ իսրայէլեան կառավարութիւնն ու Պենիամին Նեթանիահուն որեւէ խաղաղութիւն չեն ուզեր, ինչ որ բարկացուց միջնորդները», ըսաւ Ֆիտան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ միջազգային հասարակութեան կոչ կ՛ուղղէ` Իսրայէլի վրայ շտապ կերպով ճնշում բանեցնելու, «որովհետեւ Համասը ընդունեց խաղաղութեան պայմանները, հակառակ այն իրողութեան, որ ատիկա իրեն համար դժուար էր»:

Նախորդը

Պայտըն. «Միասնութիւնը Մեր Գլխաւոր Նպատակն Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.