Ուիմպըլտընի աղջկանց ախոյեան Պարպորա Քրէյչիքովա վերջին 10 ամիսներու բացակայութենէն ետք վերադարձաւ առաջին 10-ի ցանկին մէջ, մինչ Ճասմին Փաուլինի բարձրացաւ թիւ 5 դիրքին:
Քրէյչիքովա, որ շաբաթ օր 6-2, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթած էր Փաուլինիի, 22 դիրք բարձրացաւ եւ այժմ թիւ 10 դասուած մարզիկն է:
Փաուլինի թիւ 7 դիրքէն բարձրացաւ թիւ 5-ին, երբ ան Սերենա Ուիլիամսէն ետք առաջին թենիսվումընը դարձաւ, որ Ռոլան Կարոսի եւ Ուիմպըլտընի աւարտականներուն կը հասնէր:
Տղոց պարագային, Քարլոս Ալքարասի յաջորդական Ուիմպըլտընի տիտղոսը, որ իր ասպարէզի 4-րդ կրան-շլեմի տիտղոսն էր, ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ ընդհանուր դասաւորման վրայ: Ան մնաց 3-րդ դիրքին վրայ, մինչ իտալացի Եաննիք Սինըր մնաց առաջին դիրքին վրայ, հակառակ քառորդ աւարտականին պարտութիւն կրելուն, մինչ փոխախոյեան սերպ Նովաք Ճոքովիչ պահեց իր 2-րդ դիրքը:
Տղոց առաջին 5 դիրքերը մնացին անփոփոխ, ուր գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւ (4) եւ ռուս Տանիլ Մետվետեւ (5) մնացին իրեց դիրքերուն վրայ: Սակայն աւստրալիացի Ալեքս տը Մինաուր 9-րդ դիրքէն բարձրացաւ 6-րդի, հասնելէ ետք քառորդ աւարտականին: Տը Մինաուր պէտք է մրցէր Ճոքովիչի դէմ, սակայն նախկին մրցումի վերջին կէտին վիրաւորուելէ ետք, ստիպուած էր քաշուիլ մրցումէն:
Աղջկանց պարագլուխի դիրքը պահեց լեհ Իկա Շվիանթեք, հակառակ 3-րդ հանգրուանին պարտուելուն, իսկ Քոքօ Կաֆ (2) Արինա Սապալենքա (3) եւ Էլենա Ռիպաքինա (4) մնացին իրենց դիրքերուն վրայ:
Մարքեթա Վոնտրուսովա, որ տարի մը առաջ շահած էր Ուիմպըլտընի մրցաշարքը, առաջին հանգրուանին պարտութիւն մը կրած էր այս տարի եւ 6-րդ դիրքէն նահանջեց 18-րդի: Թունուզցի Օնս Ժապեր, որ անցեալ տարուան փոխախոյեանն էր (2022-ին եւ 2023-ին), 10-րդ դիրքէն նահանջեց 16-րդի, Գ. հանգրուանին պարտուելէ ետք:


