Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Սպանիա 4-րդ Անգամ Ըլլալով Եւրոպայի Ախոյեան

July 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի գիշեր, Սպանիա դարձաւ եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն յաջողութիւն գտած խումբը` շահելով իր 4-րդ Եուրոն, 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Անգլիան:

Անգլիա իր պատմութեան ընթացքին 3-րդ պաշտօնական աւարտականը կը խաղար, առաջինը` 1966-ի Մոնտիալին, Լոնտոն, երկրորդը` անցեալ Եուրոյին, Լոնտոն, եւ այս անգամ առաջին անգամ ըլլալով օտար դաշտի վրայ` Պերլին (Գերմանիա):

Պէտք է ըսել, որ Պերլինի մէջ Անգլիոյ ազգային խումբը բնաւ չէր պարտուած իր նախկին 5 ելոյթներուն:

Մրցումի առաջին կիսախաղը բաւական զուտ թաքթիքական խաղ էր, ուր մրցակիցները բաւական լաւ ձեւով զսպած էին իրար:

45-րդ վայրկեանը աւարտած էր, երբ կիսախաղի առաջին եւ միակ լուրջ առիթին, ազատ հարուածի մը վրայ, գնդակը հասաւ Ֆիլ Ֆոտընի, որ ձախ ոտքով հարուածեց դէպի Սպանիոյ բերդը, ուր Ունայ Սիմոն կը սպասէր եւ դիւրութեամբ զսպեց հարուածը:

Կիսախաղին կը սպասուէր, որ Սպանիա քիչ մը հաւասարակշռութիւնը կորսնցնէ, մանաւանդ որ լաւագոյն միջնապահներէն Ռոտրի վիրաւորուելով փոխարինուած էր Սոսիետատի մարզիկ Մարթին Սուպիմենտիով, սակայն ընդհակառակն` սպանացիք աւելի աշխուժ սկսան խաղալ եւ շատ արագ կոլ մըն ալ նշանակեցին` շնորհիւ Նիքօ Ուիլիամսի, որ գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալէ ետք Լամին Եամալէն (օր մը առաջ 17 տարեկան դարձած), նշանակեց Սպանիոյ առաջին կոլը 47-րդ վայրկեանին:

2 վայրկեան ետք, Տանի Օլմօ փորձեց արդիւնքը բարձրացնել 2-ի, սակայն գնդակը անցաւ Ճորտըն Փիքֆորտի բերդին քովէն:

56-րդ վայրկեանին, Նիքօ Ուիլիամս անգամ մը եւս կոլ նշանակելու առիթ ունեցաւ եւ ազատելով մրցակիցի մը հսկողութենէն զօրաւոր հարուած մը տուաւ, որ անցաւ Փիքֆորտի բերդին մօտէն:

61-րդ վայրկեանին Կարեթ Սաութկէյթ (Անգլիոյ մարզիչ) փոխարինեց խմբապետ Հերի Քէյնը Օլի Ուաթքինզով:

64-րդ վայրկեանին, Ճուտ Պելինկհամ 2 մարզիկէ ազատելէ ետք, գնդակը իր ձախին բերաւ եւ արագ դառնալով հարուածեց դէպի Սպանիոյ բերդը, սակայն գնդակը մօտ 1 մեթր հեռու էր:

66-րդ վայրկեանին Եամալ քառակուսիին մէջ գնդակ մը ստացաւ եւ փորձեց Փիքֆորտի աջ կողմէն գնդակը զետեղել, սակայն Անգլիոյ բերդապահը լաւ ռիֆլեքսով զսպեց գնդակը դէպի քոռնըր:

68-րդ վայրկեանին Միքել Օյարսապալ փոխարինեց Սպանիոյ խմբապետ Ալվարօ Մորաթան:

70-րդ վայրկեանին, Ֆապիան Ռուիս թաքըլէ մը փախուստ տուաւ եւ փորձեց հարուած մը, որ քիչ մը բարձր անցաւ Փիքֆորտի բերդէն:

Քոլ Փալմըր դաշտ ներկայացաւ` փոխարինելով Քոպի Մէյնոն: 73-րդ վայրկեանին, Պելինկհամի փոխանցումէն ետք, Քոլ Փալմըր քառակուսիին ծայրէն զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց Անգլիոյ հաւասարութեան կոլը` խումբ մը սպանացիներու մէջէն անցնելով: Արդիւնք` 1-1:

82-րդ վայրկեանին, Լամին Եամալ բախտը փորձեց հարուածելով դէպի Անգլիոյ բերդը, բայց Փիքֆորտ զսպեց զայն:

86-րդ վայրկեանին, Օլմօ փոխանցեց Օյապսապալի, որ 1-2 մը կատարեց Քուքուրելիայի հետ եւ նշանակեց Սպանիոյ 2-րդ կոլը: Կրկնութիւնները դիտելէ ետք միայն փաստուեցաւ, որ Սթոնզ օֆսայտը գոցած է Օյարսապալին, որ «մաքուր» կոլ մը նշանակեց:

90-րդ վայրկեանին, Անգլիա հաւասարութեան առիթ մը ունեցաւ, երբ քոռնըրէ մը ետք, Տեքլըն Ռայս գլխու հարուածով չկրցաւ նշանակել կոլ մը, որ զսպեց Ունայ Սիմոն, գնդակը հասաւ Մարք Կէօհիի, որ գլխու հարուած եւ եւս տուաւ, սակայն… Տանի Օլմօ գիծին վրայէն գլուխով զսպեց գնդակը: Ըստ երեւոյթին, Օլմօ Սպանիոյ շուքի մէջ մնացած հերոսն էր: Ան բախտով փրկիչ եղաւ Գերմանիոյ մրցումէն սկսեալ: Փոխարինելով վիրաւոր Փետրին, ան դարձաւ Գերմանիոյ դէմ հերոս, Ֆրանսայի դէմ յաղթանակի կոլի հիմնական պատճառ եւ աւարտականի վերջին վայրկեանի փրկիչ:

Մրցումէն ետք, Սաութկէյթ յայտնեց, թէ Սպանիա մրցաշարքին լաւագոյն խումբն էր եւ արժանի էր տիտղոսին:

 

Նախորդը

Քոփա Ամերիքա. Արժանթին 16-րդ Անգամ Ըլլալով Ախոյեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Պատանիները Յաղթեցին Ազրպէյճանին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.