Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Քրէյչիքովա Շահեցաւ Աղջկանց Տիտղոսը

July 15, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի աղջկանց մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին չեխ Պարպորա Քրէյչիքովա մօտ 2 ժամ պայքարէ ետք կրցաւ պարտութեան մատնել իտալացի Ճասմին Փաուլինին, 6-2, 2-6 եւ 6-4 արդիւնքով:

28 տարեկան Քրէյչիքովա բաւական ազդուած էր, երբ ստացաւ մրցաշարքի սկաւառակը, յիշելով իր նախկին մարզիչ եւ խորհրդատու Եանա Նովոթնան, որ 1998-ին շահած էր Ուիմպըլտընի մրցաշարքի տիտղոսը: Նովոթնա, որ 1997-ին թիւ 2 դիրքի հասած էր եւ 1 կրան շլեմի տիտղոս շահած էր 1998-ին, Ուիմպըլտընի մէջ, 2017 նոյեմբերին մահացած էր քաղցկեղի պատճառով, 49 տարեկան հասակին:

Պարպորա, որ 2014-էն 2017 մարզուած է Նովոթնայի կողմէ, շատ բան կը պարտի Նովոթնային եւ անոր նման զոյգերու ախոյեան դարձած է (2018-ին)` շահելով 4 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսները:

Անհատական մրցումներու յաջողութեան համեմատութիւնը աւելի նուազ է` նկատի ունենալով, որ ան յաճախ վիրաւորուեցաւ 2018-էն ետք:

Ան 2021-ին շահած էր Ռոլան Կարոսը, իսկ Աւստրալիոյ եւ Եու. Է. Օփընի գծով ան կրցած է առաւելագոյնը քառորդ աւարտականի հասնիլ:

Վերադառնալով Ուիմպըլտընի աւարտականին, Քրէյչիքովա եւ Փաուլինի, որոնց թենիսի ոճը աւելի յարմար է հողով ծածկուած դաշտերու, առաջին սեթին չեխ թենիսվումընը տիրապետելով կրցաւ շահիլ զայն 6-2 արդիւնքով 31 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ համակիրները սկսան քաջալերել իտալացի Փաուլինին, որ նախապէս 2 անգամ ալ պարտուած էր Քրէյչիքովայէն: Փաուլինի ոգեւորուած սկսաւ 2-րդ սեթը եւ կրցաւ ինքզինք գերազանցել եւ նոյն ձեւի յաղթանակ մը կերտել (6-2) 37 վայրկեաններու ընթացքին:

3-րդ եւ վճռական սեթին, աւելի լուրջ եւ զգուշ էին երկու մրցակիցները եւ դիւրութեամբ կը յաղթէին իրենց սերվերը մինչեւ Փաուլինիի 4-րդ սերվը, որ կրցաւ «կտրել» Պարպորա, ապա շահելով իր սերվը 5-3-ի առաւելութիւն ունեցաւ:

Փաուլինի իր սերվը յաղթելով 5-4-ի մօտեցուց եւ փորձեց Պարպորայի 5-րդ սերվը «կտրել»: 30-0 ըլլալէ ետք, Փաուլինի 3 յաջորդական կէտեր շահեցաւ եւ 30-40-ի վրայ պրէյք փոյնթ մը ունեցաւ: Չեխ թենիսվումընը կրցաւ յաջորդական 2 կէտեր շահիլ եւ մեչ փոյնթ մը ունենալ:

Փաուլինի փոխադարձեց ու 2 յաջորդական կէտեր ապահովեց, եւ կրկին անգամ պրէյք փոյնթ: Քրէյչիքովա կրցաւ հաւասարեցնել 40-40 եւ մեչ փոյնթ մը կրկին: Փաուլինի փրկեց կացութիւնը, բայց 3-րդ մեչ փոյնթին Քրէյչիքովա կրցաւ յաղթել կէտը եւ մրցումը:

«Կարծեմ ոչ մէկը կը հաւատայ, թէ աւարտականի կրցայ հասնիլ եւ շահիլ Ուիմպըլտընը», ըսաւ Քրէյչիքովա, որ միացաւ Ուիմպըլտընի շահած այլ չեխ աստղեր Մարքեթա Վոնտրուսովայի, Փեթրա Քվիթովայի եւ Եանա Նովոթնայի: Նշենք, որ Մարթինա Նաւրաթիլովան ալ չեխ էր, բայց ամերիկեան հպատակութիւն ստացած էր 1975-ին (19 տարեկանին): Ան 9 անգամ (մրցանիշ) շահած էր Ուիմպըլտընի տիտղոսը:

«Տակաւին չեմ հաւատար: Անկասկած կեանքիս ամէնէն ուրախ օրն է այսօր: Երկու շաբաթ առաջ դժուար մրցում մը ունեցայ (Ա. հանգրուանին Վերոնիքա Քուտերմեթովայի դէմ) եւ լաւ վիճակի մէջ չէի` հիւանդ եւ վիրաւոր ըլլալով: Այս տարեշրջանը բնաւ լաւ ձեւով չսկսայ: Անհաւատալի է հոս կենալը` շահած Ուիմպըլտընի մրցաշարքը», ըսաւ Պարպորա Քրէյչիքովա, որ 31 դասուած էր եւ վաղուան դասաւորման մէջ վստահաբար պիտի յառաջդիմէ:

Նախորդը

Ալքարաս Շահեցաւ Ուիմպըլտընը

Յաջորդը

Քոփա Ամերիքա. Ուրուկուէյ Գրաւեց 3-րդ Դիրքը

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.