Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

July 15, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԴՀԿ Լիբանանի վարիչ մարմինը հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ մարմինը կը հետեւի ապահովական այն միջադէպերուն, որոնք նախորդ երկու օրերուն տեղի ունեցան Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ:

Կը մերժենք եւ կը դատապարտենք կարգ մը անհատներու կողմէ համայնքային կիրքեր հրահրող կարգախօսներու վանկարկումը, ինչ որ ոչ մէկ առնչութիւն ունի Պուրճ Համուտի շրջանի մէջ տիրող համակեցութեան մթնոլորտին հետ, ինչպէս նաեւ  մեր ընդվզումը կ՛արտայայտենք այն բանի առնչութեամբ, թէ ինչպէ՛ս անհատական միջադէպեր կը վերածուին հաւաքական անկարգութիւններու եւ ոտնձգութիւններու` կուսակցական տեղական ակումբներու, նաեւ ներխուժումի փորձի` հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նկատմամբ:

Ինչ որ տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկանատունէն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ ցոյց կու տայ, որ անոնք, որոնք փորձեցին մեծցնել միջադէպին ծաւալը, ոչ մէկ կարեւորութիւն կու տան ապահովական ուժերուն կամ շրջանին մէջ ապահովութեան:

Կոչ կ՛ուղղենք ապահովական եւ դատական մարմիններուն ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները շրջանի բնակիչներուն նկատմամբ եւ պահպանելու քաղաքացիական ապահովութիւնը: Ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղենք շրջանի բնակիչներուն` անսալու տրամաբանութեան ու իմաստութեան կանչին եւ չներքաշուելու ապահովական սանձարձակութեան ու կիրքերու հրահրման մթնոլորտին մէջ:

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.