Տորթմունտի նախկին պաշտպան Մաթց Հումելզ կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Սերի Ա.»-ի մէջ:
Արդարեւ, Պայերն Միւնիխի ակադեմիայի մարզիկ Հումելզ, որ 20 տարեկանէն միացած է Պորուսիա Տորթմունտի (միայն 3 տարեշրջան մաս կազմած է Պայերն Միւնիխի 2016-2019), 367 մրցում կատարելէ ետք Տորթմունտի հետ հաւանաբար մեկնի Իտալիա` միանալու համար Պոլոնիային, որ վերջերս պէտք ունի կեդրոնի պաշտպանի մը` Քալաֆիորին փոխարինելու: Ռիքարտօ Քալաֆիորի, որ այժմ Անգլիա կը գտնուի` միանալու Արսենալին, կրնայ փոխարինուիլ Հումելզով, որ 35 տարեկան է եւ 38 կոլ նշանակած է Տորթմունտի հետ` կատարելով 23 էսիսթ:
Նախապէս, Ա. Սէ. Միլան եւ Ա. Էս. Ռոմա իրենց կարգին հետաքրքրուած էին Հումելզով:
Նշենք, որ Հումելզ մինչեւ վերջերս Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ ալ կը մասնակցէր, սակայն վերջին վայրկեանին նկատի չէր առնուած Եուրոյի վերջնական կազմին մէջ: Ան 78 մրցումներու ընթացքին կրած է ազգային խումբին շապիկը 2010-էն` նշանակելով 5 կոլ:


