Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը Վրաստանի իր գործընկերոջ` Իրաքլի Չիքովանիի հետ ունեցած է առանձնազրոյց մը, որուն յաջորդած է պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով` հանդիպումին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Կողմերը իրարու ներկայացուցած են նաեւ երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն մէջ ընթացող բարեփոխումներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ:
Հանդիպման աւարտին, ըստ հաղորդագրութեան, ստորագրուած է Հայաստանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ 2024 թուականի համագործակցութեան ծրագիրը:


