Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ երկխօսութիւն կատարելու մտադրութիւն ունինք, եւ կը սպասենք, որ ան այցելէ, կամ մենք Դամասկոս կ՛այցելենք եւ յարաբերութիւններուն մէջ նոր ժամանակաշրջանի բացումը կը կատարենք»:
«Կը փորձենք հացահատիկի համաձայնութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ տեսակէտները իրարու մօտեցնել», նշեց ան:
Էրտողան նաեւ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ինծի խոստացաւ, որ քանի մը շաբաթէն պիտի լուծէ «ԷՖ-16» օդանաւերու առաքման խնդիրը»:
Անդրադառնալով Կազայի դէմ իսրայէլեան պատերազմին` ան ըսաւ. «Թուրքիան Իսրայէլի հետ ՕԹԱՆ-ի գործակցութեան փորձերուն նկատմամբ աչք պիտի չփակէ»:


