2007-ին Պարսելոնա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ բարեսիրական օրացոյցի մը համար նկարչութեան արշաւ մը` տեղական «Տիարիօ Սփորթ» օրաթերթին եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի կազմակերպութեամբ:
Օրացոյցին նկարները պատրաստելու միտումով, Պարսելոնայի մարզիկները անհատաբար մտան սենեակներ, ուր նորածին մանուկներ իրենց մայրերուն հետ կը սպասէին նկարուելու:
Այդ օր, 20 տարեկան Լիոնել Մեսսի, որ տակաւին համբաւաւոր չէր միջազգային գետնի վրայ, սենեակ մը մտաւ եւ նկարուեցաւ Մերձարեւադաձային Կինեցի Շէյլա Էպանային եւ անոր նորածին մանուկին հետ:
Ահա այսօր, մօտ 17 տարի ետք, այդ մանուկը դարձած է Պարսելոնայի նոր Մեսսին` Լամին Եամալը:
Ճիշդէ, որ Լամին Եամալի հայրը` մարոքցի ներկարար Մունիր Նասրաուին բաժնուած էր անոր մօտէն, երբ 3 տարեկան մանուկ էր, բայց իրենց կապը չէր կտրուած:
Սպասուհի Շէյլա եւ ներկարար Մունիր այժմ ֆութպոլի ամէնէն փայլուն աստղերէն Լամին Եամալի մայրն ու հայրն են: Եամալ մրցանիշ ձեռք ձգեց` դառնալով Եուրոյի պատմութեան ամէնէն կրտսեր մարզիկը, ինչպէս նաեւ կոլ նշանակողը:
Լամին Եամալ վաղը 17 տարեկանը կ՛ամբողջացնէ` յոյսով, որ կիրակի օր Սպանիոյ հետ դառնայ Եւրոպայի ախոյեան, այլ մրցանիշ մը եւս իրագործելով:


