Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 2024. Անգլիա Առաջին Անգամ Ըլլալով Հասաւ Աւարտականի` Օտար Դաշտի Վրայ

July 12, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եուրօ 2024-ի աւարտական մրցումը կիրակի գիշեր իրար դէմ պիտի հանէ Սպանիան եւ Անգլիան:

Անգլիա 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նետերլանտները եւ հասաւ աւարտական` առաջին անգամ ըլլալով իր երկրէն դուրս, մեծ մրցաշարքի մը ընթացքին: Անգլիա 1966-ին իր երկրին մէջ շահած էր մոնտիալը, իսկ 2021-ին (2020-ի Եուրոն) Լոնտոնի մէջ հասած էր աւարտական եւ փենալթիներով պարտուած Իտալիայէն:

Պորուսիա Տորթմունտի դաշտը «նարնջագոյն» գոյնով ներկուած էր կարծէք, երբ բազմաթիւ համակիրներ Նետերլանտները քաջալերելու ժամանած էին:

7-րդ վայրկեանին Չաւի Սիմոնզ Անգլիոյ քառակուսիին դուրսէն անզսպելի հարուածով մը նշանակեց գեղեցիկ կոլ մը` առաջ տանելով «նարնջագոյն» բանակը:

7 վայրկեան ետք, Անգլիա փորձեց փոխադարձել: Պոքյօ Սաքայի հարուածին զսպուելէն ետք մրցակիցի մը կողմէ, անիկա հասաւ Հերի Քէյնի, որուն զօրաւոր հարուածը ձողէն բարձր ելաւ:

Տումֆրիզ Հերի Քէյնի հարուածը զսպելու միտումով ոտքը երկարած էր… գնդակը հարուածելէ ետք, Քէյնի ոտքը դպած էր Տումֆրիզի ոտքին, եւ ՎԱՐ-ի իրաւարարները կանչեցին կեդրոնի գերմանացի իրաւարարը, որ զայն դատէ դաշտին կեդրոնը գտնուող պաստառին վրայ:

Անգլիա «բախտաւորուեցաւ» փենալթիով մը, որ ամենայն սիրով կոլի վերածեց Հերի Քէյն` արդիւնքը դարձնելով 1-1:

23-րդ վայրկեանին, Ֆիլ Ֆոտըն լաւ ձեւով մտաւ քառակուսի եւ կրցաւ խաբել Նետերլանտներու բերդապահ Վերպրիւկընը, բայց Տումֆրիզ գնդակը զսպեց կոլի գիծին վրայէն:

30-րդ վայրկեանին քոռնըրէ մը ետք, Ինթեր Միլանի աջ պաշտպան Տումֆրիզի գլխու հարուածը պարտութեան մատնեց անգլիացի բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտը, սակայն անգլիական բերդի ձողին դպնալով գնդակը մերժեց մտնել բերդին մէջ:

2 վայրկեան ետք, Ֆոտըն այս անգամ իր բախտը փորձեց ձախ կողմէն, եւ անոր հարուածը զսպուեցաւ Նետերլանտներու բերդին աջ սիւնին կողմէ:

35-րդ վայրկեանին Մեմֆիս Տեփայ վիրաւորուեցաւ, եւ Ռոնալտ Քուման դաշտ ներկայացուց Ճոյ Վերմանը:

Բ. կիսախաղին, Նետերլանտներ շատ աւելի լաւ խաղցան եւ տիրապետեցին: 65-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլի կեդրոնի պաշտպան Վիրճիլ Վան Տայքի հարուածը զսպեց անգլիացի բերդապահը, քոռնըրէ մը ետք:

79-րդ վայրկեանին Սաքա կոլ մը նշանակեց, սակայն օֆսայտի իր դիրքէն օգտուելով:

81-րդ վայրկեանին Օլի Ուաթքինզ եւ Քոլ Փալմըր փոխարինեցին Հերի Քէյնը եւ Ֆիլ Ֆոտընը:

91-րդ վայրկեանը մտած էինք եւ կ՛ուղղուէինք երկարաձգման, երբ Քոլ Փալմըրի գեղեցիկ փոխանցումէն օգտուելով, Ուաթքինզ նեղ անկիւնէ մը նշանակեց Անգլիոյ յաղթանակի կոլը:

Անգլիա աւարտականի իր տոմսը շահեցաւ` յոյսով, որ իրենց վերջին ճակատումի նման (2018-ին) կրնայ յաղթել Սպանիոյ` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:

 

Նախորդը

«Բախտաւոր» Նկարի Պատմութիւնը

Յաջորդը

Մարաշլեան Կը Շարունակէ Փայլիլ «Էմ.Էլ.Էս.»-ի Մրցումներուն

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.