Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա երէկ պատկերասփռուած խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Եթէ Կազայի մէջ զինադադար ըլլայ, հարաւային Լիբանանի մէջ կրակոցը պիտի դադրեցնենք առանց բանակցութիւններու, սակայն եթէ իսրայէլացին մեր վրայ յարձակում գործէ, պատրաստ ենք հակադարձելու»:
«Համաս իր անունով եւ Դիմադրութեան ամբողջ առանցքին անունով բանակցեցաւ, եւ այն ինչ որ Համասը կ՛ընդունի, բոլորս կ՛ընդունինք: Այս ճակատամարտը անոնց ճակատամարտն է», նշեց սէյիտ Նասրալլա:
Ան նաեւ նշեց. «Միջազգային կողմերը կը գիտակցին, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ զինադադարը կապուած է Կազայի վրայ յարձակումի դադրեցման»:
Սէյիտ Նասրալլա մատնանշեց, որ Իսրայէլ դադրած է Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը բնաջնջելու գծով եւ անոր վրայ լայնածաւալ յարձակում գործելով սպառնալ:


