Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլը

July 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանցի քուէարկողները երէկ ուղղուեցան ընտրական կեդրոններ` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին, որուն ընթացքին կը մրցակցէին բարեկարգչական թեկնածու Մասուտ Փեզեշքեանն ու հիւլէական թղթածրարի հարցով նախկին աւագ բանագնաց, պահպանողական Սայիտ Ժալիլին:

19 մայիսին նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի` ուղղաթիռի արկածի պատճառով մահէն ետք արագօրէն կազմակերպուած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 28 յունիսին: Փեզեշքեան ապահոված էր քուէներուն 42,4 առ հարիւրը, իսկ Ժալիլի` 38,6 առ հարիւրը: Երրորդ դիրքը գրաւած էր այլ պահպանողական թեկնածու մը` խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆը: Մասնակցութեան համեմատութիւնը միայն 39,92 առ հարիւր էր, ինչ որ 45 տարի առաջ Իսլամական հանրապետութեան հաստատումէն ի վեր նուազագոյն համեմատութիւնն էր: 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն այդ համեմատութիւնը շուրջ 80 առ հարիւր էր:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Ալի Խամենէի ուրբաթ առաւօտեան քուէարկելէ ետք շեշտեց. «Ժողովուրդը պէտք է այսօր աւելի վճռական ըլլայ` վճռելու համար ընտրութեան արդիւնքը, եւ որպէսզի վաղը նոր նախագահ ունենանք»:

 

Նախորդը

Էրտողան. «Միայն Զինեալներն Են, Որոնք Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կ՛ընդդիմանան»

Յաջորդը

Մոսատի Ղեկավարը Առանց Պատուիրակութեան Մեկնեցաւ Տոհա` Համասի Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.