Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ՕԹԱՆ-ի ուաշինկթընեան վեհաժողովին հրաւիրելով` Արեւմուտքը կ՛ուզէ Ռուսիոյ բարեկամները հեռացնել վերջինիս հետ համագործակցութենէն: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամլոյ բաժանմունքի փոխտնօրէն Անտրէյ Նասթասին:
Անոր համաձայն, ասիկա ամերիկացիներու աշխարհի բոլոր շրջաններուն վրայ իրենց կործանարար ազդեցութիւնը տարածելու փորձերու հերթական օրինակն է:
«Ասիկա ամերիկացիներուն, իրենց կործանարար ազդեցութիւնը աշխարհի բոլոր շրջաններուն վրայ տարածելու փորձերու եւս մէկ օրինակ է: Եւրոպայի մէջ թոյլ կամք ունեցող արբանեակներու լիակատար ներողամտութեամբ Ուաշինկթընը խնդիր կը դնէ մեր ընկերներն ու դրացիները հեռացնել Ռուսիոյ հետ համագործակցութենէն», ըսած է ան:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ Երեւանն ու Պաքուն հրաւիրած են ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ գործընկերութեան հանդիպումին: Վեհաժողովը Ուաշինկթընի մէջ տեղի պիտի ունենայ 9-11 յուլիսին:


