Մոսկուան կը շարունակէ Երեւանը նկատել իր դաշնակիցը, երկու երկիրներու տնտեսական համագործակցութիւնը նկատառելի աճ կ՛արձանագրէ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
«Մենք կը մեկնինք անկէ, որ Հայաստանը մեր դաշնակիցն է, մենք ունինք շատ կարեւոր տնտեսական յարաբերութիւններ: Հայաստանի հետ մեր ապրանքաշրջանառութիւնը կը կազմէ 7,3 միլիառ տոլար, եւ եթէ վիճակագրութեան նայիք, ապա յունուար-ապրիլին անիկա նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ կրկնապատկուած է: Կշռոյթները շատ լաւ են, տնտեսութիւնը շատ լաւ կը զարգանայ», ըսած է Օվերչուք` ընդգծելով ԵԱՏՄ-ին Հայաստանի աշխուժ մասնակցութիւնը:


