Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Իսրայէլեան Յարձակումներուն Աւելնալն Ու Լիբանանի Դէմ Սպառնական Հռետորաբանութիւնը Մեզ Շրջանի Ապագայով Մեծապէս Կը Մտահոգէ»

July 4, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Մեր շրջանին մէջ որեւէ երկիր, ներառեալ Թուրքիան, ապահով պիտի չզգայ, քանի դեռ Կազայի վրայ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի ղեկավարութեամբ իսրայէլեան յարձակումը չէ դադրեցուած»:

«Իսրայէլեան յարձակումներուն աւելնալն ու Լիբանանի դէմ սպառնական հռետորաբանութիւնը մեզ շրջանի ապագայով մեծապէս կը մտահոգէ», շեշտեց Էրտողան:

«Այնքան ատեն, որ Իսրայէլին արեւմտեան աջակցութիւնը կը շարունակուի եւ իսլամական աշխարհը կը մնայ լուռ, ապա Նեթանիահու կոչուած ոճրագործը պիտի շարունակէ բռնագրաւման քաղաքականութիւնը` ի վնաս ամբողջ շրջանի բռնկեցման», ըսաւ ան` նշելով, որ Իրանի հետ լարուածութիւնն ու Լիբանանի վրայ աւելցող յարձակումները «հաստատեցին, որ մեր մտավախութիւնները տեղին են»:

«Մեր դիմաց ունինք խելքն ու խիղճը կորսնցուցած ոճրագործ մը, իր ախորժակներուն գերի մը, որ պետական այրի նոյնիսկ նուազագոյն չափանիշները չ՛ապահովեր: Այս բռնապետը անմեղներու արիւնով կը սնանի եւ իր քաղաքական կեանքը երկարաձգելու համար կ՛անտեսէ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը», զգուշացուց Էրտողան:

«Անգարայի անվտանգութիւնը կարելի չէ Կազայի, Երուսաղէմի, Ռամալլայի, Պէյրութի, Ամմանի եւ Պաղտատի անվտանգութենէն անջատել, եւ Թուրքիան իր առաջնահերթութիւնները ատոր հիմամբ կը ճշդէ», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը:

Էրտողան յայտարարեց, որ իրենք արտաքին քաղաքականութեան մէջ իրենց քայլերը կը ծրագրեն այդ իրականութեան հիմամբ` նշելով. «Այս օրերուն պէտք է խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնն ու դիւանագիտութիւնը բարձրագոյն մակարդակի հասցնել», եւ կարեւորը երկխօսութեան հիմքերը ամրապնդելն է, «մանաւանդ այն պետութիւններուն հետ, որոնք նոյն աշխարհագրական շրջանին մէջ են եւ նոյն ճակատագիրը կը բաժնեն»:

Նախորդը

Քանի. «Լիբանանը Հաստատաբար Սիոնականներուն Համար Անվերադարձ Դժոխք Պիտի Ըլլայ»

Յաջորդը

Կալանթ. «Ռաֆահէն Դուրս Եկող Հրասայլը Կրնայ Լիթանի Հասնիլ»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.