Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովե՛նք Պատանիներուն Իրաւունքները

July 2, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԻՔԻ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
ՀՅԴ «Աղբալեան» ՊՄ

Աճելու եւ զարգանալու համար ինչպէս նաեւ պատասխանատու երիտասարդ դառնալու համար, պատանին ունի հիմնական իրաւունքներ եւ ազատութիւններ: Այդ իրաւունքներէն կարելի է նշել` կրթութիւն ստանալը, առողջ շրջապատը, ընտանիք ունենալը, բռնութենէ պաշտպանուիլը, կարծիք արտայայտելու ազատութիւնը…

Պատանիները լաւապէս պէտք է ծանօթանան իրենց իրաւունքներուն, որպէսզի կարենան պաշտպանուիլ եւ ունենան հնարաւորութիւն ապրելու անվտանգ, ֆիզիքական, մտային եւ հոգեւոր առողջ պայմաններու մէջ:

Մանուկներն ու պատանիները պէտք է ստանան բժշկական ծառայութիւններ, առողջ սնունդ եւ մաքուր ջուր: Երեխաներու զգացական եւ մտային առողջութիւնը եւս կարեւոր է, ինչպէս որ կարեւոր է ֆիզիքականը: Անոնք պէտք չէ մտահոգուին նիւթական հարցերով, որովհետեւ անոնք պէտք է ունենան անհոգ մանկութիւն մը:

Պատանիին իրաւունքներէն է պաշտպանութեան իրաւունքը: Անոնք պէտք է պաշտպանուած ըլլան բոլոր տեսակի բռնութիւններէ եւ շահագործումներէ: Անոնք պէտք է ապրին ապահով եւ սիրուած ընտանեկան միջավայրի մէջ, ուր պէտք է ստանան համապատասխան խնամք եւ աջակցութիւն: Պետութիւնները պէտք է ստեղծեն պայմաններ, որպէսզի երեխաներ չմնան առանց ընտանիքի եւ անտուն:

Իւրաքանչիւր պատանի պէտք է ունենայ անվճար եւ պարտադիր կրթութիւն ստանալու իրաւունք: Կրթութիւնը պէտք է նպատակ ունենայ` զարգացնել երեխային անձնաւորութիւնը, տաղանդները եւ մտաւոր ու ֆիզիքական կարողութիւնները: Կրթութիւնը պէտք չէ ըլլայ միայն գիտական-լեզուական նիւթերու ներկայացում, այլ` մարդու կազմաւորում, սորվեցնելով յարգանք, սէր, մտածելու կարողութիւն, պատասխանատուութիւն եւ այլն:

Պատանիները ունին իրաւունքը արտայայտելու իրենց միտքերը, եւ կարեւոր է, որ մտիկ ընողներ ունենան: Վերջապէս, պատանիները խաղի եւ հանգիստի իրաւունքը ունին` ապրելու ուրախ ու ազատ պայմաններու մէջ, զարգացնելու իրենց ստեղծագործական կարողութիւնները եւ ընկերային կեանքը:

Ապահովելով այս բոլոր իրաւունքները` մենք վաղը անպայման կ՛ունենանք առողջ, երջանիկ եւ պատասխանատու երիտասարդներ:

 

 

 

Նախորդը

Ապագայի Հերոսներուն Իրաւունքները

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Կ՛եզրափակէ Մայրավանքի Հոգեւոր Լսարանի Եւ Աստուածաշունչի Սերտողութիւնները

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.