Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օ՛Պրայըն. «Մենք Ալիեւի Հետ Շատ Յստակ Ենք. Եկած Է Խաղաղութիւն Հաստատելու Ժամանակը»

June 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մենք նախագահ Ալիեւի հետ շատ յստակ ենք. ժամանակն է խաղաղութեան», Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան մէջ լսումներու ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայըն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ազրպէյճան իր այցելութեան ընթացքին նախագահ Իլհամ Ալիեւին ի՞նչ պատգամ պիտի փոխանցէ:

«Նախագահ Ալիեւի հետ մենք շատ յստակ ենք. եկած է խաղաղութիւն հաստատելու ժամանակը: Եւ ատիկա ոչ միայն Ազրպէյճանի խնդիրն է, որ յոյսով է, որ զինք իբրեւ համաշխարհային առաջնորդ կը յարգեն, երբ կը հիւրընկալէ ՔՈՓ29-ը, այլ նաեւ ամբողջ շրջանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ խնդիրն է: Այս բոլոր երկիրները այժմ աշխարհի այլ վայրեր արտածումները կը կատարեն միայն Չինաստանի կամ Ռուսիոյ տարածքով, եւ որպէսզի ելք ունենան, պէտք է աշխատին արտածում կատարել Ազրպէյճանի տարածքով:

«Մէկ ճամբան կ՛անցնի Վրաստանի տարածքով` դէպի Սեւ ծով, իսկ միւսը` հաւանական շատ աւելի մեծ երթուղի, պիտի անցնի Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով: Եւ այս առումով մեզի անհրաժեշտ է խաղաղութեան համաձայնագիր Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ` վերջ դնելու պատերազմին եւ սարսափելի տագնապին, որ գոյութիւն ունի 90-ականներէն: Մեր ուղերձը այն է, որ եկած է խաղաղութեան ժամանակը», յայտարարած է Օ՛Պրայըն:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Ազրպէյճանի նախագահին հետ հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները կ՛անդրադառնան երկրին մէջ մարդու իրաւունքները յարգելու կարեւորութեան:

«Ասիկա եղած է նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին», եզրափակած է Օ՛Պրայըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ճէյմս Օ՛Պրայըն 27-29 յունիսին պիտի այցելէ Ազրպէյճան եւ Խրուաթիա: Ան Պաքուի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, մեկնաբանելով այդ այցելութիւնը, յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը շարունակէ դիւանագիտական ջանքեր գործադրել շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող շարք մը հիմնախնդիրներ լուծելու համար:

«Ասիկա հոլովոյթ է, որուն վրայ մենք կ՛աշխատինք արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր», ըսած է Միլլըր` շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը պարբերաբար շրջան կ՛այցելէ:

Նախորդը

«Հայաստան Կը Ցանկայ Եւրոպական Միութեան Մաս Ըլլալ» Կ՛ըսէ Ալեն Սիմոնեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (28 Յունիս 2024)

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.