Յունիսին Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի աշխատակիցները կրկին այցելած են Պաքուի կողմէ առեւանգուած եւ ապօրինի պահուող Արցախի ղեկավարներուն:
Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է Միջազգային կարմիր խաչի կոմիտէի Ազրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա:
Այցելութիւններու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն կը գնահատէ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքը, պահման պայմանները եւ կարելիութիւն կը ստեղծէ վերականգնելու կամ շարունակելու ընտանիքներու հետ կապը:
Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն ընթացակարգերու համաձայն, տեսակցութիւններու վերաբերեալ դիտարկումներն ու առաջարկները կը տրամադրուին բացառապէս կալանաւորուած կողմին:


