ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանի «Ալսիասա Ալեաում» յայտագիրի հարցազրոյցի հիւրը:
Նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնելու նպատակով Հզօր Լիբանան համախմբումի նախաձեռնութեան հանդէպ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կ՛ողջունէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ քաղաքական ուժ մը, երկու կամ երեք ուժեր կ՛առաջադրեն` փորձել լուծելու համար երկրին հարցերը:
«Իբրեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոք մեր կեցուածքը յստակ է եւ բոլորին ծանօթ. անիկա կը կեդրոնանայ փայտեայ բառամթերքէն ու բարձր առաստաղներէն հեռու մնալու վրայ եւ կը շեշտէ երկխօսութեան անխուսափելիութիւնը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի կողմէ ողջունելի է եւ անոր զօրակցութիւնը կը վայելէ որեւէ նախաձեռնութիւն, որ առաջադրուած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի, Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքին, Հաւասարակշռութիւն պլոքին կամ այլ ուժերու կողմէ:
«Լիբանան կը գտնուի ոչ թէ սովորական հարցերու դիմաց, այլ` գոյութենական եւ էական տագնապներու դիմաց: Կարելի չէ ժամանակ կորսնցնել, համբերութեան բաժակը յորդած է, եւ կարելի չէ իրարու հետ չխօսիլ, չհաղորդակցիլ եւ չքննարկել` վստահելով արտաքին աշխարհին», ընդգծեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ Լիբանանն ու անոր հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը ոչ մէկ երկրի կամ պետութեան կը հետաքրքրեն:
Նախագահական ընտրութեան նպատակով առաջադրուած բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու գոյութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական կեանքի խճանկարը կ՛ենթադրէ, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմեր փորձեն լուծումներ գտնել նախագահական ընտրութեան տագնապին: «Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նաեւ անդրադառնալ Լիբանանի յատուկ միջազգային հնգեակին կողմէ կատարուած յանձնարարականին, որ ներքին լիբանանեան ճիգեր ի գործ դրուին լուծելու համար այս տագնապը: Ֆրանսայի նախագահական յատուկ պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տըրիանի հետ հանդիպումին, ան նաեւ մեզմէ խնդրեց օժանդակել եւ քաջալերել միջլիբանանեան երկխօսութիւնը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ օրին Լը Տըրիանին կատարուած է այն հաստատումը, որ ՀՅԴ-ն երկխօսութեան զօրակից ուժ չէ, այլ` երկխօսութիւնը պահանջող առաջին քաղաքական ուժերէն:
«Նոյն համոզումով` Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթին հաստատեցինք, թէ երկխօսութեան առաջին մասնակցողը պիտի ըլլանք, երբ ան քանի մը օր առաջ այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն եւ ներկայացուց իր նախագահած պլոքին նախաձեռնութիւնը», նշեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս է ՀՅԴ-ի սկզբունքը, եւ 1975-էն մինչեւ Թաէֆ եւ Տոհա այս կեցուածքով ներկայացած է Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր տագնապները լուծելու համար:
«Իբրեւ լիբանանցիներ մեր հիմնական հարցը մեր ուշ ըլլալուն մէջ է: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երկու տարիէ ի վեր հանրապետութեան նախագահի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու խորհրդակցութեան հրաւիրած է: Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած նախագահական առաջին նիստէն ետք Պըրրի յայտնեց, որ երբ համախոհութիւն գոյացնենք, այդ պարագային է, որ դարձեալ նախագահական ընտրութեան նիստի մը կը հրաւիրէ խորհրդարանը: Սակայն համախոհութիւնը չգոյացաւ, եւ ան հրաւիրեց քանի մը այլ նիստերու, որոնց ընթացքին կարելի չեղաւ հանրապետութեան նախագահը ընտրել, եւ ճիշդ մէկ տարի առաջ` 14 յունիսին, խորհրդարանը գումարեց նախագահական ընտրութեան իր վերջին նիստը: Միայն համախոհութեամբ կարելի է ընտրել Լիբանանի նախագահը: Այս ճշմարտութիւնը բոլորս գիտենք, սակայն ոմանք կը սպասեն, որ ստիպուին երկխօսութիւն կատարել: Ընդհակառակն` երկխօսութիւնը ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ լաւագոյն ձեւն է համախոհութիւն գոյացնելու, իսկ բոլորս քաջ գիտենք, որ խորհրդարանին կողմէ տրուելիք որեւէ որոշումի շուրջ համաձայնութիւն գոյացած կ՛ըլլայ խորհրդարանի դահլիճէն դուրս», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի մտավախութիւն յայտնեց նաեւ այն հաւանականութենէն, որ ոմանք գոհ են հանրապետութեան նախագահի չգոյութենէն, եւ նախագահ չըլլալու իրականութեան ընտելացումէն ետք կրնայ ստեղծուիլնախընթաց, որ ամբողջ Արեւելքին մէջ միակ քրիստոնեայ` մարոնի համայնքին պատկանող հանրապետութեան նախագահին կարիքը չըլլայ, եւ երկիրը ենթակայ ըլլայ դաշնակցային պետութեան վերածուելու կամ մասնատումի ենթարկուելու. իրականութիւններ, որոնք կը ծառայեն Իսրայէլի շահերուն:
Երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան ակնարկելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ կը խորհրդակցին եւ երկխօսութիւն կը կատարեն այն կողմերը, որոնք տարակարծիք են:
Այս ծիրին մէջ ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ ոչ ոք կրնայ ուրիշը ջնջել կամ լուսանցքայնացնել: «Նման քայլի պարագային լիբանանցիները իրենք զիրենք ջնջած ու լուսանցքայնացուցած կ՛ըլլան: Այս է լիբանանեան իրականութիւնը, մենք դատապարտուած ենք համերաշխութեան ու գոյակցութեան: Կարելի չէ ապրիլ ուրիշը ջնջելու մտայնութեամբ, եւ դժբախտաբար բոլոր համայնքներուն մէջ գոյութիւն ունի այս մտայնութիւնը: Նման մտայնութեան հետեւանքը Լիբանանը ջնջել է, եւ անիկա դարձեալ կը ծառայէ Իսրայէլի շահերուն», շեշտեց ան:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ այս կացութեան մէջ անկարելի է նախագահական ընտրութեան թղթածրարը անջատել հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւններէն: Ան շեշտեց, որ Դիմադրութեան եւ Իսրայէլի միջեւ բախումներուն աւարտէն կախեալ է Լիբանանի հանրապետութեան նախագահին ընտրութիւնը: Ան հաստատեց, որ նախագահական ընտրութիւնը կարիքը ունի ընդարձակ համաձայնութեան, «անշուշտ նկատի չունիմ Իրան-Սէուտական Արաբիա-Սուրիա, կամ Միացեալ Նահանգներ-Իրան, Ֆրանսա-Քաթար համաձայնութիւնը: Կ՛ակնարկեմ լիբանանեան առումով ընդարձակ համաձայնութեան մը, որ կ՛ընդգրկէ նախագահի ընտրութիւն, վարչապետի նշանակում, կառավարութեան կազմութիւն ու աշխատանքային ծրագիր, ընդլայնուած ապակեդրոնացում, նշանակումներ եւ ընտրական օրէնք: Այս բոլորին շուրջ պէտք է համաձայնիլ, որպէսզի վեց տարին անգամ մը նոյն տագնապը չդիմագրաւենք: Պէտք է նաեւ վերջնականապէս համաձայնիլ վարչական ապակեդրոնացեալ դրութեան շուրջ», շեշտեց ան:
Լիբանանեան երկխօսութեան «Տոհա 2» տարբերակի մը հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ ինք կը նախընտրէ «Պէյրութ 1»-ի տարբերակը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ կատարուի ուղղակի երկխօսութիւն եւ անիկա յանգի ընդհանուր լուծումի մը:
«Կան տեղեկութիւններ, որ պապական պատուիրակ մը պիտի այցելէ Լիբանան` նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու յատուկ նախաձեռնութեամբ մը, եւ պիտի փորձէ Պասիլի ու Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի միջեւ հանդիպում մը կազմակերպել: Եթէ կարելի չեղաւ այդ հանդիպումը կայացնել, պապական պատուիրակը առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Պասիլի եւ Ժահժահի հետ», շեշտեց ան:
«ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը համաձայն պիտի ըլլան ընտրելու համախոհութիւն վայելող թեկնածուն: Մենք համաձայն պիտի չըլլանք մէկ քուէի առաւելութեամբ, այսինքն` 65 քուէով, նախագահի ընտրութեան», ըսաւ Բագրատունի` աւելցնելով. «Մենք համաձայնական նախագահ կ՛ուզենք եւ համոզուած ենք, որ համաձայնական նախագահը հզօր նախագահ է», եզրափակեց ան:
Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող բախումնային իրավիճակին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ նախընտրաբար ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդուի այդ իմաստով` միջազգային հասարակութեան զօրակցութեան փոխարէն:
«Աշխարհէն եւ իսրայէլեան մամուլէն ու լրատուամիջոցներէն կ՛իմանանք, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի համար որքա՛ն լուրջ հարց է եւ ինչքա՛ն վախ ու հաշիւ կայ` Իսրայէլի կողմէ, նկատի առած հարաւային Լիբանանի Դիմադրութեան զինուորական գործողութիւնները: Ի տես այս իրականութեան, տակաւին Լիբանանի մէջ ոմանք կը հաստատեն, որ Դիմադրութիւնը ոչինչ կը կատարէ Իսրայէլի դէմ: Երանի այս մտայնութիւնը կարելի ըլլայ շրջանցել: Լիբանանեան միասնականութիւնն ու պայքարելու կամքը կ՛օժանդակեն, որ երկրին մղած գոյամարտը ամրանայ: Համոզուած եմ, որ Կազայի մէջ ինքզինք պարտադրողը պաղեստինցի ժողովուրդին մղած գոյութենական պայքարն է եւ ոչ անոր խոստացուած միջազգային երաշխիքները: Միջազգային երաշխիքները ի նպաստ փոքր ժողովուրդներուն չեն, այլ` իրենց շահերուն: Իսկ Թուրքիա պաղեստինցիներուն երաշխիքներ խոստանալու փոխարէն, թող իր ռազմավարական, զինուորական, գաղտնի սպասարկութեան, զինումի եւ ամէն տեսակի յարաբերութիւնները խզէ Իսրայէլի հետ», հաստատեց ան:
Սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու իմաստով միջազգային կամք չկայ, որովհետեւ միջազգային ընտանիքը չի փափաքիր Սուրիոյ իրավիճակը բարելաւել: «Հաւանաբար կայ նաեւ միջազգային կամք` Լիբանանը ծունկի բերելու, սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը օգտագործելով: Բայց եւ այնպէս Լիբանան ճիգ պիտի չխնայէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու իմաստով», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:


