Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կալուզին. «Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու Եւ ՕԹԱՆ-ի «Թուղթէ Հովանոց»-ին Տակ Անցումը Անկարելի Պիտի Դարձնէ Ռուսիոյ Հետ Եւ ՀԱՊԿ-ի Ծիրին Մէջ Միասնական Պաշտպանական Տարածքի Պահպանումը»

June 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի «հովանոց»-ին տակ անցումը անկարելի պիտի դարձնէ Ռուսիոյ հետ եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ միասնական պաշտպանական տարածքի պահպանումը: Այս մասին «Քոմսոմոլմսքայա փրաւտա»-ին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«Անվտանգութեան ոլորտին մէջ Հայաստանի գերիշխանութեան հետագայ քայքայումը եւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի «թուղթէ հովանոց»-ին տակ անցումը պարզապէս անկարելի պիտի դարձնէ Ռուսիոյ հետ եւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ միասնական պաշտպանական տարածքի պահպանումը», ըսած է Կալուզին:

Ան ընդգծած է, որ Մոսկուան «բազմիցս եւ տարբեր մակարդակներով յստակ պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու Երեւանը յուզող հարցերը»:

«Ռուսիան այլ պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու սովորութիւն չունի, որովհետեւ սեփական փորձառութենէն գիտէ, թէ ատիկա որքա՛ն վնասակար ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երկրի զարգացման վրայ. Մոսկուան անկեղծօրէն կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ կապերը եւ կը փորձէ զանոնք կառուցել փոխադարձ յարգալից եւ փոխշահաւէտ ձեւով», ըսած է Կալուզին:

«Արեւմուտքը, ընդհակառակն, հանրապետութիւնը կը դիտարկէ պիտանիութեան տեսանկիւնէն` իբրեւ Ռուսիոյ եւ Հարաւային Կովկասի այլ երկիրներու դէմ այլընտրանքային պատերազմի գործիքներէն մէկը: Նպատակը յստակ է` հայկական «ցատկահարթակ»-ը շրջանին մէջ լարուածութեան հերթական օճախ ստեղծելու համար: Արեւմտեան մայրաքաղաքները պատրաստ են հանգիստ «խաղասեղանին վրայ դնելու» հանրապետութեան ընկերային-տնտեսական կացութիւնը եւ անոր անվտանգութիւնը: Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ ՕԹԱՆ-ի ներկայացուցիչները Երեւանին կոչ կ՛ուղղեն` խզելու Մոսկուայի հետ բոլոր կապերը եւ կը ձգտին հասնիլ անոր մեր հասարակական համարկման ընկերակցութիւններէն դուրս գալու միջոցով: Մենք կը տեսնենք, որ Հայաստանին աշխուժօրէն կը գայթակղեն եւրոպական հեռանկարով: Դժուար չէ կռահել, որ երկրին պիտի համոզեն հրաժարիլ այն գործիքակազմերէն, որոնք վերջին տարիներուն մրցանշային աճ ապահոված են անոր տնտեսութեան համար: Ռուսիոյ հետ տնտեսական կապերու խզումը պիտի նշանակէ հայկական գործարարութեան հիմնական շուկայի կորուստ», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Կալուզին աւելցուցած է, որ արեւմտեան հռետորաբանութեան ազդեցութեան տակ տեղի ունեցած է երկկողմանի քաղաքական հաղորդակցութիւններու կտրուկ նուազում:

Նախորդը

Ուաշինկթըն. «ՀԱՊԿ»-էն Դուրս Գալը Հայաստանի Որոշելիքն Է»

Յաջորդը

Վերման. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛ուզեն Հայաստանի Հետ Առանցքային Ոլորտներու Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրելու Հարցին Մէջ Ճամբու Քարտէս Ունենալ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.