Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Ակնյայտ Է, Որ ՀՅԴ-ն Թիրախաւորուած Է»

June 15, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ 14 յունիսին տեղեկացուցին, որ  քննչական մարմինները սկսած են խուզարկել Վայքի եւ Եղէգնաձորի Դաշնակցութեան գրասենեակները:

Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ 13 յունիսին համացանցին վրայ տարածուած ձայնագրութեան մը պատճառով, որուն հեղինակը յստակ չէ, քննչական մարմինները յարուցած են քրէական գործ եւ 14 յունիսի առաւօտէն խուզարկութիւններ կը կատարեն զոյգ գրասենեակներուն մէջ:

Երեկոյեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սաղաթէլեան ըսաւ, որ Վայոց ձորի գրասենեակի անդամները` շուրջ 10 հոգի, ձերբակալած են, իրենք մեծ դժուարութեամբ կը ճշդեն անոնց գտնուած վայրը, փաստաբաններն իսկ չեն կրնար գիտնալ, հաւանաբար փորձ կը կատարեն խոստովանութիւններու մղելու, առանց գիտնալու, թէ որո՛ւ հետ է իրենց գործը: Սաղաթէլեան նշեց, որ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները ուղղուած են մարզեր, կը փորձեն ենթականերուն տեղերը ճշդել, բայց անընդհատ խոչընդոտներ կը ստեղծեն թէ՛ պատգամաւորներուն, եւ թէ՛ փաստաբաններուն համար: «Ակնյայտ է, որ կուսակցութիւնը թիրախաւորուած է, կը փորձեն այս նպատակով , կեղծ գործերով ճնշումներ գործադրել, բայց Դաշնակցութեան վրայ ատիկա չ՛ազդեր, սա ո՛չ վերջինն է, ո՛չ առաջինը», հաստատեց ան:

Սաղաթէլեան աւելցուց. «Բագրատ սրբազանի առաջնորդած շարժումը փաստած է  շատ կարեւոր 2 բան, նախ` որ հայ ժողովուրդը Նիկոլի հերթական  երկիրը յանձնելու օրակարգին դէմ է եւ հաշտ չէ, երկրորդը` որ Նիկոլը այլեւս չունի օրինականութիւն եւ առհասարակ մեր ժողովուրդին հետ կապ չունի, եւ երրորդ` որ այս մարդը իր իշխանութիւնը պահելու համար պատրաստ է արիւն թափելու, բռնութիւններու երթալու»:

 

 

Նախորդը

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Անդրադարձան Տիրող Իրավիճակին

Յաջորդը

Հայաստանի Գործող Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Հակաիրաւական Մեթոտներով Լայնածաւալ Յարձակումը ՀՅԴ-ի Նկատմամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.