Պէտք է սպասել Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) դուրս գալու որոշումին մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական յայտարարութեան: Ռուսական «Լենթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին Փաշինեանի 12 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի մէջ յայտարարութիւնը մեկնաբանելով ըսած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին:
«Նման յայտարարութիւնները, ի հարկէ, ուշադրութիւն կը գրաւեն, սակայն երբեմն անոնք կը կատարուին խորհրդարանին մէջ զգացական վէճի թէժ պահուն: Ուստի մենք` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ Հայաստանի գործընկեր, հաւանաբար պէտք է սպասենք վարչապետի պաշտօնական յայտարարութեան, այլապէս այդ ամէնը օդին մէջ կախուած պիտի ըլլայ եւ անորոշութիւն պիտի ստեղծէ, ինչ որ շատ ցաւալի է Հայաստանի համար` իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ», ըսած է Քարասին:
Փաշինեան ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հաւանականութեան մասին ըսած էր. «Դուրս պիտի գանք, ատո՞վ կը վախցնէք, լաւ կ՛ընենք, մենք պիտի որոշենք, երբ դուրս պիտի գանք, կրնա՞նք ետ երթալ, ուրիշ ճամբայ չկայ»:
Ազգային Ժողովի դահլիճէն պատգամաւորներէն մէկը հակադարձած էր` այդպէս ո՞ւր կ՛երթաք, Փաշինեան պատասխանած էր. «Ըսեմ` ուր կ՛երթանք եւ նոյնիսկ հասած ենք տեղ, կ՛երթանք դէպի իրական Հայաստան, գերիշխան, անվտանգ, խաղաղ, սահմանազատուած սահմաններով պետութիւն, իսկ այնտեղ մի՛ անհանգստանաք, ետ պիտի չերթանք, չենք ըսեր, որ ձեր տրամադրութիւնը յանկարծ չիյնայ»:


