Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Եւրոպական Միութեան ոչ բոլոր անդամ պետութիւնները Ռուսիան իրենց «գոյութենական վտանգ» կը նկատեն»:
«Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, բոլորը կը գիտակցին, որ գոյութենական վտանգ գոյութիւն ունի, սակայն ոչ բոլորը, կարգ մը անդամ պետութիւններ կ՛ըսեն, ո՛չ, (Ռուսիան) մեզի համար գոյութենական վտանգ չէ»:
Միւս կողմէ, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյեն յայտնեց. «Ռուսական հաշիւներու շահերէն 1,5 միլիառ եւրօ մինչեւ յառաջիկայ յուլիս տրամադրելի պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ»:


