Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնեց. «Լիբանանի հետ կազի համաձայնութիւնը որեւէ ձեւով կապ չունի Հըզպալլայի դէմ այն մագլցումին հետ, որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ Իսրայէլի հիւսիսը»: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը:
«Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ պատմական համաձայնութիւնը պիտի ամրապնդէ Իսրայէլի անվտանգութիւնը, միլիառներ ներմուծէ իսրայէլեան տնտեսութեան մէջ եւ երաշխաւորէ մեր հիւսիսային սահմաններուն վրայ կայունութիւնը», նշեց Լափիտ:
Իսրայէլ կը շարունակէ հարաւային Լիբանանի դէմ իր յարձակումները: Ընկերային ցանցերու վրայ տարածուեցան նկարներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ իսրայէլացի զինուորներ բաբաններ կ՛օգտագործեն հարաւային Լիբանանի շրջանին մէջ հրդեհներ յառաջացնելու համար:
«Մանար» պատկերասփիւռի կայանի լրագրող Ալի Շհէյպ այդ նկարները հրապարակելով գրեց. «Քարէ դարաշրջանէն ոճրային միտքով, սիոնականները այսպէս հրկիզեցին Այթա Շաապի մէջ «Խալէ Ուարտէ» շրջանին մէջ յետամասային կէտ մը»:


