Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլան Բուռն Կերպով Հրթիռակոծեց Իսրայէլի Խորքը` Մինչեւ Թիպերիատ

June 13, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտէն մինչեւ կէսօր Լիբանանէն հիւսիսային Իսրայէլի ուղղութեամբ 170 ռումբեր եւ հրթիռներ արձակուած են` թիրախաւորելով Սաֆատը, Թիպերիատն ու անոնց մերձակայքը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, Հըզպալլայի հրթիռակոծումը 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր ամէնէն բուռնն է:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նաեւ նշեց. «Ասիկա անցեալ հոկտեմբերէն ի վեր առաջին անգամն է, որ Թիպերիատի մէջ ահազանգ կը հնչէ»:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի նշեց, որ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ հրթիռներու իյնալուն պատճառով շարք մը հրդեհներ յառաջացած են:

Հըզպալլա իրերայաջորդ հաղորդագրութիւններ հրապարակելով յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Մայրուն ռազմակայանին մէջ օդային հսկողութեան խումբի եւ օդային գործողութիւններու ղեկավարման կեդրոնը, Այն Զէյթիմ ռազմակայանին մէջ զօրամասի հրամանատարական կեդրոնը, Սահսահ բնակեցման վայրին մէջ զինուորական մեքենաներու պաշտպանութեան եւ զրահապատման մասնագիտացած զինուորական ճարտարարուեստի «Պլասան» գործարանը եւ բռնագրաւեալ Քֆարշուպայի մէջ «Ռասմա» դիրքը` հակադարձելով հարաւային Լիբանանի Ժուայա գիւղին մէջ անօդաչու թռչող սարքով տունի մը վրայ յարձակումի ճամբով իր մարտական հրամանատարներէն Թալեպ Սամի Ապտալլայի ահաբեկման:

«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը նշէ, որ սահմանէն 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ժուայա գիւղը առաջին անգամ ըլլալով յարձակումի ենթարկուած է:

«Արապիա» նաեւ հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Լիբանանի մէջ ցամաք-օդ հրթիռով վար առնուած է:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլացի ապահովական բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնած է. «Կը վախնանք Լիբանանի ենթակառոյցներուն վրայ յարձակում գործելէ, որովհետեւ կը վախնանք, որ Հըզպալլան հեռաւոր թիրախներ հարուածէ»:

Իրանեան «Քուտս ջոկատ»-էն պաշտօնատար մը ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» պարբերաթերթին յայտնեց. «Հըզպալլան ներկայիս տարբեր տեսակի աւելի քան 1 միլիոն հրթիռներ ունի»:

Հըզպալլայի գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին երէկ Հըզպալլայի մարտական ղեկավարներէն Թալեպ Սամի Ապտալլայի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Եթէ իսրայէլեան բանակը հիւսիսային Պաղեստինի մէջ իրեն հետ կատարուածէն կը ճչայ եւ կը յառաչէ, թող ինքզինք պատրաստէ լալու եւ ողբալու»:

 

 

Նախորդը

«Զուքի Ելեկտրակայանին Մէջ «Վտանգաւոր Նիւթը» Հասարակական Անվտանգութեան Եւ Առողջութեան Որեւէ Վտանգ Չի Ներկայացներ» Կ՛ըսէ Միքաթիի Գրասենեակը

Յաջորդը

Քանի. «Սիոնականներուն Կը Յորդորեմ Կազայի Փոսէն Լիբանանի Ջրհոր Չփոխադրուիլ»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.